
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի վեցերորդ դասարանի աշակերտներէն Արիանա Քէշիշեան շահած է «Մաքուր եւ գեղեցիկ Կլենտէյլ»ի յանձնախումբին կողմէ ամէն տարի կազմակերպուող «Կը սիրեմ թաղամասս» գծագրութեան մրցանքը: Հազարաւոր թեկնածուներուն մէջէն աւարտական հանգրուանի հասած էր նաեւ երրորդ դասարանէն Անի Ճարահեան:
«Շամլեան» վարժարանը կը շնորհաւորէ մրցանքին մասնակցած աշակերտներուն իրագործումները եւ երախտապարտ է անոնց ուսուցիչներուն՝ Քերոլայն Թիւֆէնքեանի ու Հելեն Աբգարի, որոնք յաջողութեան առաջնորդած են աշակերտները: