ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» կը գրէ, թէ միջվարժարանային «Փըսիֆիք» թենիսի մրցաշարքի կիսաւարտականին հասած են Կլենտէյլի «Հուվըր» երկրորդական վարժարանէն Օլեկ Սիմոնեան եւ Էմիլ Օհանեան:
Մրցաշարքին մէջ Օլեկ Սիմոնեան երկրորդ դասուած է, իսկ Էմիլ Օհանեան՝ չորրորդ: Սիմոնեան սոյն մրցաշարքի աւարտականին հասած էր 2001ին, իսկ Օհանեան անցեալ տարի եւս կրցած էր կիսաւարտականին հասնիլ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.