
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Մայիս 9ին, Լոս Անճելըսի հայութիւնը առիթը պիտի ունենայ վայելելու սքանչելի համերգ մը: Համազգայինի Երաժշտական միաւորը կազմակերպած է սոյն իւրայատուկ երաժշտական երեկոն, կատարողութեամբ՝ յատկապէս Հայաստանէն հրաւիրուած վաստակաւոր երգչուհի Աննա Մայիլեանի եւ Մայիլեան ձայնային երրեակին:
Ճոխ յայտագիրին մաս պիտի կազմեն հոգեւոր, ազգագրական երգեր, «ռոմանս»ներ, «a cappella» (առանց նուագակցութեան-Խմբ.) կամ դաշնակի նուագակցութեամբ, սկսած հին դարերէն մինչեւ Կոմիտաս, Կանաչեան, Ափրիկեան, Գալանտէրեան, Միրզոյեան, Տէրտէրեան եւ ուրիշներ:
Աննա Մայիլեան՝ թէ՛ իբրեւ մեներգող եւ թէ «Մայիլեան» ձայնային երրեակին հետ, ելոյթներ ունեցած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ եւ մասնակցած հռչակաւոր երաժշտական փառատօներու: Ան հիմնադրած է նշեալ երրեակը, որուն մաս կը կազմեն ինք, Արմինէ Խաչատրեան եւ Եւա Եկանեան: Համերգի դաշնակարուհին է Լուսինէ Գրիգորեան:
Յոյսով ենք, որ գաղութիս երաժշտասէր անդամները կը վայելեն այս առիթը՝ ունկնդրելով հրաշալի ձայներ եւ երգեր:
Համերգը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Մայիս 9ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Կլենտէյլի «Presbyterian» եկեղեցւոյ սրահին մէջ (125 S. Louise Street, Glendale, CA, 91205):
Տոմսերու արժէքներն են 40 եւ 30 տոլար: Ստանալու համար, դիմել «itsmyseat.com» կայքը կամ հեռաձայնել (818) 846-5619 թիւին: