ԵՐԵՒԱՆ.– Մայիսէն սկսեալ Եւրախորհրդի խորհրդարանական վեհաժողովը պիտի նախագահէ Հայաստանը: Վեհաժողովին հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեանի համաձայն, Հայաստանի նպատակն է շարունակել կառոյցի առաւել արդիւնաւէտ գործունէութիւնը՝ ունենալով սեփական առաջնահերթութիւնները:
Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Դաւիթ Յարութիւնեան նաեւ անդրադարձած է 22-26 Ապրիլին Սթրազպուրկի մէջ կայացած գարնանային նստաշրջանին: Հոն ներկայացուած է ԵԽԽՎ դիտորդական առաքելութեան զեկուցումը՝ Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ, տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւններու ղեկավարներու հանդիպում: Չէ բացառուած, որ յառաջիկային կայանայ հանդիպում մը՝ պատուիրակութիւններուն միջեւ:
«Այս նստաշրջանում այդպիսի հանդիպում նախատեսուած չէր, կը լինի յառաջիկայում, եթէ անգամ պատուիրակութիւններն ամբողջական կազմով չլինեն: Բայց պէտք է ասեմ, որ այդ հանդիպումը որեւէ կապ չի կարող ունենալ այն յայտնի բանաձեւի հետ, որով փորձ է արւում ԵԽԽՎում վերականգնել Ղարաբաղի խնդրով զբաղուող յանձնաժողովը», նշած է Դաւիթ Յարութիւնեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.