ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային կոտորածները նորագոյն պատմութեան ամէնէն խայտառակ էջերէն են: «Ֆոքըս» լրատուական գործակալութեան համաձայն, 24 Ապրիլին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը նման յայտարարութիւն կատարած է Պուլկարիոյ վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Մարին Ռայքովը:
«Մենք գիտենք, որ Օսմանեան կայսրութիւնը կը կրէ հայերուն դէմ կատարուած ոճրագործութիւններու, ցեղային ենթահողի հիմամբ գործադրուած կոտորածներուն ծանր պատասխանատուութեան խարանը: Այս իրադարձութիւնները իրաւական տեսանկիւնէ կարելի է բնութագրել որպէս ցեղասպանութիւն, ասկէ աւելի յարմար բնորոշում չէր կրնար ըլլալ, յատկապէս անոր համար, որ այս եզրը վերջին տասնամեակներուն իրաւաբանօրէն ամրագրուած է», նշած է Ռայքովը:
Ան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առած է այլ մտահոգիչ հանգամանք մը՝ շեշտելով, որ «կատարուածը պէտք չէ կասկածի տակ դրուի, հակառակ պարագային ժխտողականութեան համար նոր հիմք կրնայ յառաջացնել: Ես կը խոնարհիմ նահատակներուն յիշատակին դիմաց եւ կը հաւատամ, որ Հայաստանն ու Թուրքիան պէտք է ընդհանուր մօտեցում ցուցաբերեն պատմութեան նկատմամբ», յայտնած է ան:
Ապրիլ 24ին Սոֆիայի հայ համայնքը եւս անմասն չմնաց Հայոց Ցեղասպանութեան 98րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներ կազմակերպելէն. Պուլկարիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Աբգար վարդապետ Յովակիմեանի եւ Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արսէն Սհոյեանի գլխաւորութեամբ հայկական խաչքարին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան։ Անկէ ետք Սոֆիայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.