ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լրագրողներ առանց սահմաններու կազմակերպութիւնը հրապարակած է 39 երկիրներու ղեկավարներու, քաղաքական եւ կրօնական գործիչներու անուններ ներառնող «Մամուլի գիշատիչներ»ու աւանդական ցանկը, որուն վրայ այս տարի ներառնուած են Ատրպէյճանի երկու ներկայացուցիչներ՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Նախիջեւանէն անոր հաւատարիմ դաշնակից Ուասիֆ Թալիպովը:
Ցանկին մէջ նշուած անձերը մասնակից եղած են լրագրողներու եւ մամուլի այլ աշխատակիցներու սպանութիւններու, առեւանգումներու, հետապնդումներու եւ չարչարանքներու: Ըստ նշեալ կազմակերպութեան՝ անցեալ տարի լրագրողներու նկատմամբ բռնութեան մակարդակը հասած է աննախադէպ մակարդակի եւ սպաննուած լրագրողներու թիւը աննախադէպ չափերու հասած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.