ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մայիսի այս օրերուն հայ մարդը, աշխարհով մէկ, յաղթանակ կը տօնէ։
Կը տօնէ յատկապէս Շուշիի ազատագրութեան յաղթանակը, որ ահա աւելի քան քսան տարիէ ի վեր հայոց ժամանակակից պատմութեան փառահեղ վերականգնումի շրջադարձը կը խորհրդանշէ։
Շուշիի ազատագրութեան տօնը կը խորհրդանշէ, առաջին հերթին եւ ամէն բանէ վեր, հայրենի հողի բռնագրաւման դէմ հայոց ազգային ծառացումը եւ հաւաքական ուժով վերատիրացումը ազատ, անկախ եւ միացեալ ապրելու հայ պետական անբռնաբարելի իրաւունքին։
Շուշիի ազատագրութեան այս մեծ խորհուրդը իր մէջ կը խտացնէ նաեւ հայոց ազգային–քաղաքական միասնականութեան անկորնչելի արժէքը՝ իբրեւ անփոխարինելի գրաւականը հայ ժողովուրդի բազմակողմանի եւ լիարժէք զարգացման քաղաքակրթական ոգորումին։
Շուշիէն առաջ՝ աշխարհով մէկ տարտղնուած հայրենազուրկ բեկորներու ամբողջութիւն էր տարագիր հայութիւնը, որ Արցախեան Պահանջատիրութեան առաջին իսկ պոռթկումին հետ թօթափեց տասնամեակներու ժանգ կապած տեղայնական մօտեցումները եւ մէկ ու միասնական ճակատով փարեցաւ Արցախի ազատագրութեան պայքարին։
Շուշիէն առաջ՝ խորհրդային ամբողջատիրութեան հարթիչ գլանին տակ, նաեւ ու մանաւանդ համաթրքական հայակերութեան պարբերական մոլեգին բորբոքումներուն ենթակայ, սպիտակ եւ ուղղակի ջարդի դատապարտուած էր հայրենի հայութիւնը, որ Արցախեան Շարժման հետ փշրեց եւ մէկդի շպրտեց ստրկական համակերպումի բոլոր կապանքները՝ արժանաւորապէս տէր կանգնելով ազատ ու անկախ պետականութեամբ ապրելու իր ազգային իրաւունքին։
Շուշիի ազատագրումը նոյնպէս կը խորհրդանշէ հայկական մարտունակութեան անպարտելի ուժը, որ ինչպէս 1918ի Մայիսին կրցաւ շրջել պատմութեան թաւալգլոր անկումի ընթացքը՝ վերականգնելով հայոց ազատ ու անկախ պետականութիւնը, նոյնպէս եւ 1992ին յաջողեցաւ յաղթանակով պսակել իմացեալ մահուան ճամբան ընտրած հայոց հերոսական ազատամարտիկներուն ազգային ազատագրումի պայքարը։
Երբ խորհրդային իշխանութեան վերջին մունետիկները կամ վերապրուկները պետական իրատեսութիւն կը քարոզէին եւ ազերիական լուծին հետ «հաշտ» ապրելու քաղաքական «դեղատոմսեր» կը փնտռէին, հայկական մարտունակութիւնը նոր օրերու իր ֆետայական զարթօնքը շղթայազերծեց եւ հայաշխարհով մէկ Դէպի Երկիր ուղղեց հայեացքը պահանջատէր հայորդիներուն։ Շուշիի յաղթանակը քսաներորդ դարու աւարտին վերջին անգամուան համար ամրագրեց, որ մեծագոյն իմաստութիւնը կը գտնուի Խրիմեաններու եւ Քրիստափորներու պատգամին մէջ, թէ «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»։
Շուշիի ազատագրութեան տօնին ներշնչանքի այս խորախորհուրդ, այլեւ հպարտառիթ խորապատկերին վրայ որքան ծանր կը ճնշէ եւ հայ մարդուն շնչահեղձ կը դարձնէ ազատազրկումը նոյնինքն քաղաքամայր Երեւանի, որ Մայիս 9ի այս նախօրէին դեռ չէ սթափած Մայիս 5ի քաղաքապետական ընտրութեանց քաղաքական խայտառակութենէն, այլեւ՝ ազգային ողբերգութենէն։
Այո՛. քաղաքական խայտառակութենէ տարբեր որակում չի կրնար ունենալ այսպէս կոչուած Երեւանի Աւագանիի ընտրութեանց «բեմադրութիւն»ը, որ Փետրուար 18ի նախագահական ընտրութեանց կեղծիքին ու ձախաւերութեան հետ դեռ չհաշտուած մեր երկրին ու ժողովուրդին պարտադրեց նոր արար մը մենիշխանութեան՝ սեփական ժողովուրդի ազատ կամքին վրայ բռնացող պետական խորթութեան…
Փաստօրէն ամբողջացաւ «ժողովրդային ընտրութեանց» պետականօրէն կազմակերպուած այն շղթան, որ նորանկախ հայոց պետականութիւնը վերածեց օրուէլեան ագարակի «ժողովրդավարական» տարբերակին։
– Պետութեան թիւ մէկ ղեկավարի դիրքէն՝ հանրապետութեան նախագահը պարտադրեց իր վերընտրութիւնը հնգամեայ երկրորդ պաշտօնավարութեան մը համար, պետական ողջ վարչամեքենայի չարաշահումով թէ՛ քուէներ կորզելով, թէ՛ քուէարկողներու թիւը ուռճացնելով եւ թէ քուէարկութեանց արդիւնքը նենգափոխելով։
– Սեփական ժողովուրդին վստահութեան քուէն կորսնցուցած հանրապետութեան նախագահը, ապաւինելով մեծապետական աշխարհի շնորհած «ճանաչումին» ու «հովանաւորութեան», «սահմանադրականօրէն» ընտրեց իր նոր կառավարութեան կազմը, որ նոր է բացառապէս… իր հնութեամբ։
– Հանրապետութեան նախագահ եւ կառավարութիւն առօք–փառօք նետուեցան քաղաքապետական ընտրապայքարի դաշտ՝ նոյնինքն ընդդիմադրութեան կողմէ նետուած մարտահրաւէրի ձեռնոցը վերցնելու, բոլոր կարգի ընդդիմադիրներուն վերջին «ապտակ» մը տալու եւ ժողովրդային դժգոհութեան ու բողոքի շարժումին անգամ մը եւս ազդարարելու համար, որ պետութեան հետ խաղ չկայ… չի կրնար ըլլալ։
Նաեւ ազգային ողբերգութեան տարողութիւն ունի քաղաքական այս խայտառակութիւնը, որովհետեւ արժեզրկման կ՛ենթարկէ հայ ազգային–ազատագրական շարժման հիմնական սկզբունքները, որոնց խորհրդանիշը դարձաւ Շուշիի յաղթանակը։
– «Սերժ Սարգսեանի Հայաստան»ը դառնալու ոլորապտոյտին մէջ իյնալով՝ մեր երկիրն ու ժողովուրդը կը կորսնցնեն միջազգային այն յաղթաթուղթը, որ Ալիեւեան բռնակալութեան տակ գալարուող Ատրպէյճանին վրայ մեր ունեցած ժողովրդավարական առաւելութիւններն են։
– Քարիւղով հարուստ եւ Թուրքիոյ օգնութեամբ սպառազինուող ազերիական պետութեան բաղդատած՝ Հայաստանն ու հայութիւնը կը կորսնեցնեն իրենց ունեցած մրցունակ ուժի գլխաւոր պաշարները՝ ազգային միասնականութիւնը, հասարակական համերաշխութիւնը եւ պահանջատիրական մարտունակութիւնը։ Սեփական ժողովուրդէն խորթացած ո՞ր իշխանութիւնը յաջողած է ազգային զօրաշարժ առաջացնել, որպէսզի մեր պարագային այսօրուան՝ ինքզինք վերընտրած իշխանութիւնը կարենայ Շուշին ազատագրած ազատամարտիկներուն երթը շարունակել օրհասի պահերուն, որոնց մղձաւանջը կ՛ապրինք ազգովին։
Ո՛չ. հայ ժողովուրդին հաւաքական ուժը չի կրնար ա՛յս ճամբով յառաջխաղացք արձանագրել։
Պետականօրէն կազմակերպուած ու բեմադրուած «ընտրութիւններով»՝ Հայաստանն ու հայութիւնը փաստօրէն կը զրկուին ազգային մարտունակութեան անփոխարինելի երաշխիքէն։
Շուշիի ազատագրութեան եւ Երեւանի ազատազրկման միջեւ յայտնուած մեր ժողովուրդը միայն ափսոսանքով ու ընդվզումով կը հետեւի, աշխարհով մէկ հեռարձակուած, Հայաստանի նախագահին եւ իր կազմած կառավարութեան Մայիս 8ի առաջին նիստին «հանդիսաշուք լրատուութեան»…
Շուշիի ազատագրութեան համար զոհուած մեր հերոսները ի՜նչ կ՛երազէին, իսկ Շուշին քաղաքական դրամագլուխի վերածած այս իշխանութիւնները ի՛նչ կու տան մեր ժողովուրդին։
Ծանր օրեր կը սպասեն պահանջատէր հայութեան։
——————————————————————————————
Վիգէն
Զաքարեանը զոհուեց 1992 թուականի ճիշդ այս օրը՝ Շուշիի շրջանի Զառիստ

(թրք. Զառսլու) գիւղի ազատագրման ժամանակ, որով կանխում էին
Լաչինից ու Լիսագորից ազատագրուող Շուշի փութացող թշնամու համալրումների մուտքը…
ԱՐԹՈՒՐ
ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ
Khoung ou Mom Anmor Hiishadagin Amen!