
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմ կատարած հայրապետական այցի ընթացքին՝ Մայիս 10ին, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. ներկայ գտնուեցաւ ԱՄՆ Արեւելեան թեմի եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ կազմակերպուած ՀԲԸՄի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, ազգային բարերար Նազար Նազարեանի մեծարման հանդիսութեան:
Հանդիսութեան ընթացքին Գարեգին Բ. Նազար Նազարեանին շնորհեց «Ասպետ Սուրբ Էջմիածնի» տիտղոսը եւ հայրապետական շքանշանը՝ «ի գնահատութիւն Աստուածկառոյց Սուրբ Էջմիածնի յաւէտ պայծառութեանը որդիական սիրով ու նախանձախնդրութեամբ բերած բացառիկ աւանդի ու աստուածահաճոյ ծառայութիւնների»:
Նազար Նազարեանն իր սրտաբուխ նուիրատուութիւններով շարունակ նպաստած է Սփիւռքի համայնքային, կրթական-ընկերային ծրագիրներուն, միշտ եղած է հայապահպանման ջատագովն ու քարոզիչը: 1962էն ի վեր Լիբանանի մէջ կը գործէ Նազարեան վարժարանը, կառուցուած են սրահներ Պուէնոս Այրեսի ՀԲԸՄի կեդրոնին, Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան դպրոցին, Նիւ Եորքի «Նուպար» ճամբարին համար: Նազարեան ընտանիքը իր նպաստը բերած է Նիւ Ճըրզիի Ս. Թովմաս եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքին մէջ, հաստատած է յատուկ հիմնադրամ մը, որ կրթաթոշակներ է կ՛ապահովէ բարձրագոյն ուսում ստացող հայ ուսանողներուն, աջակցած է զանազան ազգապահպան ծրագրերներու իրագործման:
Բարերարները մշտապէս սատարած են Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինին: Նազար եւ Արտեմիս Նազարեաններու բարերարութեամբ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակման 1700ամեակին առիթով կառուցուեցաւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ Ս. Տրդատ մատուռը:
Նազարեան ամուսինները այսօր ալ կը շարունակեն զօրավիգ կանգնիլ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կրթական, ընկերային եւ հայապահպան առաքելութեան: