
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Ատրպէյճան մտադիր է խստացնել «գրաւեալ» տարածքներու մուտքի եւ ելքի կանոնները, թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ այլ երկիրներու քաղաքացիներուն համար. Հինգշաբթի, Մայիս 16ին այս մասին հաղորդեց ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը:
Գործակալութիւնը Ատրպէյճանի խորհրդարանական աղբիւրներէն տեղեկացած է, թէ «Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներու մասին» օրինագիծին մէջ ընդգրկուած են յատուկ յօդուածներ, ըստ որոնց՝ Պաքուի հետ մուտքի-ելքի անայցագիր այցելութեանց պայմանագիր չունեցող երկիրներու քաղաքացիները կրնան «գրաւեալ» տարածքներ մուտք գործել՝ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ դիւանագիտական առաքելութիւններու կողմէ համապատասխան կարգի այցագիրով միայն:
Նաեւ, Ատրպէյճանի հետ մուտքի-ելքի անայցագիր այցելութեանց պայմանագիր ունեցող երկիրներու քաղաքացիները «գրաւեալ» տարածքներ կրնան մուտք գործել՝ արտաքին կամ ներքին գործոց, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն կողմէ յատուկ արտօնութեամբ:
Այս օրէնքը խախտողները պիտի պատժուին Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքին համապատասխան: Օրինագիծը մօտիկ ապագային պիտի ներկայացուի խորհրդարան:
May Azerbaijan is talking about liberated lands and calls them occupied?