ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Նաֆթի հանքերէ արտահանուած հում նիւթը տեղափոխելու համար կ՛օգտագործուին մեծ տակառներ, որոնք նաւերու վրայ դրուելով, կամ տարբեր փոխադրամիջոցներով տեղէ-տեղ կը տարուին:
Թիթեղագործ ընկերութիւններ յատուկ ապսպրանքներով, տարբեր չափի ու տեսակի տակառներ կը պատրաստեն, մէջը դրուելիք նիւթին համապատասխան տոկունութեամբ: Այսպէս, նաֆթի հում նիւթին համար աւելի հաստ թիթեղով տակառներ, իսկ զտուած ու հեղուկ վիճակի մէջ եղող քարիւղի տեսակներուն համար՝ աւելի բարակ:
Մինչեւ այսօր, Արեւելեան շուկայ ունեցող քաղաքներու մէջ կան թիթեղագործներ, որոնց խանութին առջեւէն անցած պահուն, յատուկ «երաժշտութիւն» կը լսէ մարդ, երբ տարբեր չափի մուրճերով տարբեր ուժգնութեամբ հարուածներ կու տան վարպետներ կիսաթանկարժէք դեղին մետաղին: Պղնձեայ ամաններու, ափսէներու եւ այլ զարդեղէններու վրայ քանդակուած գեղեցիկ զարդանախշերը ինչպէս նաեւ յիշատակագրութիւնները՝ տարբեր առիթներու մասին յուշող, մասնաւոր վարպետութեամբ կը դրոշմուին անոնց վրայ, երբեմն տուեալ լեզուն չիմացող արհեստաւորին ձեռքով:
Պղնձագործներուն այս «հաճելի երաժշտութեան» հակառակ, տակառագործներուն հանած ձայները շատ աւելի տհաճ «երաժշտութիւն» կ՛արտաբերեն, երբ մանաւանդ «նուագարան»ները աւելի կոշտ են ու մեծկակ: Անցեալին մեծ մուրճերով տրուած հարուածները ճիշդ է որ այսօր հսկայ մեքենաներու արագ ու լախտի հարուածներով փոխարինուած են, սակայն դարձեալ խլացնող աղմուկը չի թողուր նոյնիսկ մէկ բառ փոխանակել այդ գործարանին մէջ:
Անախորժ այս աղմուկին փոխաբերական իմաստով գործարանը, մեր աշխարհը դարձած է այսօր: Մուրճը ձեռք առնողը վարպետ հռչակուելով, սկսած է հարուած տալու ձեռքը անցած տակառին: Չնայած իր հասակին, չափին, գոյնին կամ տեսակին, ամէն մարդ հարուածային գործիքներու նուագող դարձած է, սակայն ո՛չ թէ իսկապէս թմբուկներու տալով այդ հարուածները, այլ ուղղակի տակառին: Այդ «տակառ»ն ալ մարդը ի՛նք է:
Աշխարհի մէջ ձայն հանելու համար, սակայն, պարտաւոր չէ՛ մարդ իր անձը տակառի վերածելու: Այլ միջոցներ ալ կան ձայն հանելու, օրինակ՝ երգեցողութիւնը, որ փոխաբերական իմաստով դրական աշխատանքի ձայնն է: Ատիկա նոյնիսկ ոճրագործները յաջողած է դարձի բերել, կամ հալածանքներ կասեցնել եւ զղջումի հրաւիրել դաւաճաններ:
Դեռ ընդ երկա՜ր պիտի կրկնուի անարժէք մարդոց տրուած այն կոչումը, որ ո՛չ միայն գիտութեան պակասի հետեւանքով «կը շնորհուի» անոնց, այլ նաեւ այն պատճառով, որ իսկապէս արժանի են այդ կոչումին.
_ Պարապ տակառ:
Անարգական արտայայտութեան հետ մէկտեղ, սոյն կոչումը շատ յաճախ ճշմարտութեան բարացուցիչ կը դառնայ:
Երրորդ աշխարհեան երկիրներու մէջ, ուր բնական կազը ենթակառուցային ցրւումի արդիական միջոցներով չի հասնիր բնակավայրերէ ներս, յատուկ երկաթեայ տակառներու մէջ դրուած ու ամուր փակուած կը վաճառուի: Երբեմն բեռնատառներու վրայ կանոնաւոր շարուած այս երկաթեայ շիշերը ամբողջ փողոցին մէջ իւրայատուկ աղմուկի պատճառ կը դառնան: Վաճառողներ երբեմն թաղերու մէջ պոռալով իրենց ապրանքը ծախելու փոխարէն, երկաթի փոքր կտորով այդ տակառներուն վրայ թեթեւ հարուածներով «կը նուագեն», իրենց ներկայութիւնը հաստատելու համար: Պատշգամներէն ու շէնքերու պատուհաններէն իրենց գլուխները դուրս կախելով, գնորդներ ապսպրանքներ կը կատարեն: Ասիկա շատ սովորական մէկ պատկեր է երրորդ աշխարհեան երկիրներու թաղերուն մէջ:
Փողոցներուն մէջ հնչող այս «երաժշտութիւն»ը, սակայն, ունի իր ձայնային տարբեր հնչեղութիւնները, որովհետեւ երբ տակառը պարապ է, շատ աւելի բարձր ձայն կու տայ: Իսկ երբ դեռ նոր է ու լեցուն՝ տարբեր ձայն…:
Ի՞նչ տարբերութիւն պարապ տակառներու եւ պարապ ուղեղով մարդոց միջեւ, եւ ի՞նչ տարբերութիւն լեցուն տակառներու եւ «լեցուն» մարդոց միջեւ: Պատկերը ամբողջութեամբ նոյնն է:
Զարգացած ու դեռ աւելի յառաջդիմող աշխարհին մէջ այսօր, մարդ խաբելը ամէնէն դժուար գործերէն մէկը կը համարուի: Կրթուած սերունդը բնաւ չի՛ հանդուրժեր տգիտութեան: Ուրիշ խօսքով, «տակառ»ին ձայնը անպայման լսելի պիտի դառնայ աշխարհի ականջին: Եթէ այսօր չլսուի այդ անախորժ ձայնը, վաղը անպայման պիտի լսուի, որուն դիմաց իրենց ականջները պիտի փակեն իմաստուն մարդիկ:
«Պարապ տակառներ»ուն մէկ ուրիշ ցաւալի իրավիճակն ալ այն է, որ զիրենք ծախողներուն ոտքերուն առջեւէն գլտորուելով երթալու անպատիւ վազքին կ՛արժանանան, մրցանակը շահած կարծելով սակայն…:
Վերոյիշեալ պատկերը դարձեալ հասարակ երեւոյթ է երրորդ աշխարհեան երկիրներու մէջ, ուր բնական կազի մատակարարումի համար օգտագործուող երկաթեայ շիշեր ծախող մարդիկ, փոխանակ ծանրութիւնը իրենց ուսերուն շալկելու, սովորութիւն դարձուցած են իրենց առջեւէն ոտքի թեթեւ հարուածներով գլտորել այդ տակառները:
«Պարապ տակառ»ները ճիշդ այդ շիշերուն նման ուրախութեամբ «կը վազեն» վաճառորդներուն առջեւէն, ուրախանալով որ «բարձր ձայն» կը հանեն, ու մանաւանդ հրճուելով զիրենք դիտող անցորդներուն ուշադրութիւնը գրաւելուն համար: Սակայն «պարապ տակառներ» ըլլալնուն, չեն կրնար մտածել այն անպատիւ երթին մասին, զոր կը կատարեն իրենք թաղերու մէջէն թէ հրապարակներու կողքէն: Մայթերու վրայէն կամ պատերուն տակէն բնաւ չեն քալեր անոնք, ճիշդ նման այդ տակառներուն, զորս կարելի չէ՛ մայթերուն վրայէն գլտորել կամ պատերուն տակէն քշել տանիլ, որովհետեւ կրնան վար իյնալ եւ կամ պատերուն քսուելով թափել անոնց ներկը: Ուրեմն զիրենք յառաջ քշողը զգուշութեամբ աջ ու ձախ կողմերէն տալով ոտքի հարուածները, կը փորձէ միշտ պահել անոնց յառաջընթաց ուղղութիւնը, փողոցին ճիշդ կեդրոնէն: Ասիկա ալ անոնց սին ինքնահաւանութեան փոխաբերական պատկերն է: Երբեմն նուազագոյն կայծը տալու հնարաւորութիւն չունեցող դատարկ շիշը, վաճառողին ոտքերուն դիմաց գլտորուելով ի՜նչ մեծ աղմուկ կը հանէ:
Իսկ այս շիշերը պայթելու պարագային… ի՜նչ մեծ աւերներ կրնան գործել…: Մինչեւ իսկ մշակութային ու պատմական արժէք ներկայացնող շէնք կրնան փուլ բերել իրենց «խտացած ճնշում»ով, որ դարձեալ փոխաբերական իմաստով մարդոց զգացած ներքին նախանձն է: Այս դժբախտ զգացումին արդիւնքը միայն ինք-նասպանութիւն չէ՛ սակայն, այլ՝ նաեւ իր շրջապատին քանդումը, նման երկաթեայ այն շիշերուն, որոնց պայթումով միայն իրենց երկաթը չի՛ փճանար, այլ ամբողջ շրջապատը աւերածութեան կը վերածուի:
Ձայնաւոր այս տակառները ինչ չափի կամ ձեւի ալ ըլլան, կամ ինչ հեղուկ ալ պարփակած ըլլան իրենց մէջ նախապէս, իրենց տակառութենէն չեն կրնար խուսափիլ: Ուստի իրենց բնութիւնը իրագործած ըլլալու համար, նախ զիրենք ծախու հանած անձին առջեւէն կը վազեն ուղիղ, ապա բարձր ձայն հանելով կը կարծեն հեղինակութիւն շահած ըլլալ, իսկ ամէնուն վրայ ալ՝ յաղթանակ…: