
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Երկուշաբթի, Մայիս 20ին պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ռուսիա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ նախարարները պիտի քննեն երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային խնդիրներու վերաբերող շարք մը հարցեր:
Բանակցութիւններուն հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը:
Նաեւ, կ՛ակնկալուի Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններուն միջեւ 2013-2014ի խորհրդակցութիւններու ծրագիրի ստորագրութիւնը: