ԱԹԷՆՔ.- ՀՄԸՄի Աթէնքի մասնաճիւղը, ՀՄԸՄի 95ամեակին առիթով ծրագրած է շարք մը ելոյթներու, որոնցմէ առաջինը իրականացաւ Կիրակի, 19 Մայիսի առաւօտուն, լողի մրցումներով, որոնք տեղի ունեցան Նէա Զմիռնիի փակ լողաւազանին մէջ:
Հայ եւ մասնաւորաբար յոյն բարեկամներու եւ մարզասէրներու ներկայութեամբ, մրցաշարքին բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետ Ֆիլիփ Ծերոնեան, որ ի միջի այլոց անդրադարձաւ ՀՄԸՄի համասփիւռքեան կառոյցի 95ամեայ պատմութեան, ՀՄԸՄի Աթէնքի մասնաճիւղի ու խումբերու գործունէութեան եւ նկատելով, թէ թուականը կը զուգադիպէր պոնտոսցիներու ցեղասպանութեան թուականին, յայտնեց, թէ աշխարհի բոլոր ափերուն վրայ գտնուող հայութիւնը եւս իր կարգին կը խոնարհի 1914-1923ի Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հազարաւոր անմեղ զոհուած պոնտոսցիներու յիշատակին առջեւ:
Ապա ՀՄԸՄի լողի մարզիչ Նիքոլ Վուցինա անդրադարձաւ ՀՄԸՄի լողի մարզիկներու այս տարուան յաջողութիւններուն, համա-ատիկէի լողի մրցումներու ծիրէն ներս: Մասնակցած են 10 մարզիկներ ու ստացած են 5 առաջնութեան մետալներ, իսկ մնացեալները դիրքաւորուած են առաջին ութեակին մէջ:
ՀՄԸՄի լողորդութեան 100է աւելի մարզիկներ մրցեցան ու մրցումներէն ետք անոնց յանձնուեցան մասնակցութեան յիշատակի մետալներ վարչութեան անդամներուն կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.