Անցնող քանի մը օրերուն դարձեալ աշխոյժ աշխատանքի մէջ էր Այնճարի մէջ Հոկտեմբեր 2012էն ի վեր գործող Սուրիահայ գաղթականներու օժանդակութեան յանձնախումբը: Օրին, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին յառաջացուցած այս յանձնախումբը պարտականութիւն վերցուցած էր իր օժանդակութիւնը տրամադրելու Այնճար ապաստան գտած բոլոր սուրիացիներուն:
Յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն Այնճարի երեք համայնքներու եւ ԼՕԽի «Աղթամար» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, կը փորձէ մեղմել գաղթականներուն դժուարութիւնները՝ անհրաժեշտ օժանդակութիւններով:
Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Լեւոն եւ Վալդրաուր Թորոսեանները իրենց օգնութեան ձեռքը երկարեցին Այնճար ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն: Անոնք, օժանդակութէամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամներուն եւ համագործակցութեամբ Սուրիահայ գաղթականներու օժանդակութեան յանձնախումբին, անցնող օրերուն ընթացքին անհրաժեշտ ուտեստեղէն եւ պիտոյքներ (20 տեսակ) տրամադրեցին 60 սուրիահայ եւ նոյնքան սուրիացի ընտանիքներու:
Յայտնենք, որ Լեւոն եւ Վալդրաուր Թորոսեանները կ՛ապրին Վիեննա, ոչ կառավարական ընկերութեան մը սեփականատէրերն են եւ ունին պետական արձանագրութիւն ներքին գործոց նախարարութէան մօտ (MTCS- Mrs. Torossians Community Support):
Օժանդակութեան գումարները կը հաւաքուին աշակերտներու ձեռային աշխատանքներուն վաճառքէն: Այս տարի անոնք յաջողած են հանգանակել 30 հազար տոլարի գումար մը, որուն 10 հազարը տրամադրուած է անմիջական օգնութեան, մինչ մնացեալ բաժինը պիտի յատկացուի Թէքէեան եւ Այնճարի երեք վարժարաններուն՝ իբրեւ սուրիահայ աշակերտներու կրթանպաստ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.