Կիրակի, Մայիս 19ին շուրջ 150 ուխտաւոր հայեր ուխտագնացութիւն կատարեցին դէպի Մարգարավանք, որ կը գտնուի Կիպրոսի թրքական հատուածին մէջ: Ուխտագնացութիւնը կազմակերպած են հայ համայնքի առաջնորդ Վարդգէս Մահտեսեանն ու ՀԱԵ Կիպրոսի թեմը:
Կը նշուի, թէ Վանքը հիմնած են ղպտիները Ք.Ե. 1000 թուականին եւ նուիրուած է Մակարիոս Ալեքսանտրացիին, իսկ 1425ին անիկա վերածուած է հայկական եկեղեցիի:
Վանքը կը գտնուի լեռներու վրայ եւ նպաստաւոր եղանակի պայմաններու տակ այնտեղէն տեսանելի կը դառնան Տաւրոսի լեռները: Հայկական Ցեղասպանութեան տարիներուն վանքին մէջ ապաստան գտած են ջարդերէն ազատած եւ որբացած երեխաներ:
Վանքին մէջ կան շատ հին հայկական ձեռագիրներ, որոնցմէ ամենահինը կու գայ 1202 թուակէն: 1947ին անոնց մէկ մասը փոխանցուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ այդպիսով փրկուած ոչնչացումէ:
Մարգարավանքը 1974ին յայտնուած է թրքական զօրքերու գրաւած տարածքին մէջ, ուր կ՛ենթարկուի դանդաղ քանդումի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.