ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հինգշաբթի, 23 Մայիսի երեկոյեան ժամը 8:30ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը հանրութեան ներկայացուց Էօժեն Իւնեսքոյի «Ճաղատ Սոփրանօն» թատերախաղը՝ բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:
Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ դերասաններ Զաւէն Պաաքլինի, Յասմիկ Թաշճեան, Հրակ Փափազեան, Վանան Մանճիկեան, Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան, Յոսէփ Գափլանեան, Նժդեհ Մկրտիչեան, Հրայր Գալեմքերեան, Վարդան Ազնաւորեան եւ Հերմինէ Նիւրբեթլեան մարմնաւորեցին իրենց ստանձնած դերերը:
Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան կրցած էր իր շուրջ համախմբել գաղութի ծանօթ եւ արհեստավարժ դերասանները, որոնք իր հսկողութեան ներքեւ հանդիսատեսին կրցան ներկայացնել իրենց լաւագոյնը եւ ապրեցնել նիւթին հետ:
Յայտնենք, որ ներկայացումները շարունակուեցան Ուրբաթ, 24 Շաբաթ, 25 (կալա) եւ Կիրակի, 26 Մայիսին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.