Չորեքշաբթի, Մայիսի 22ի առաւօտեան Թեհրանի ազգային առաջնորդարանին մէջ կայացաւ Թեհրանի հայոց թեմի նորընտիր Թեմական խորհուրդի առաջին մամլոյ ասուլիսը:
Մամլոյ ասուլիսին հրաւիրուած հայկական բոլոր զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներէն ներկայ եղան միայն «Ալիք»ի, «Հայելի» կայքէջի եւ ԹՀ Թեմական խորհուրդի Յարաբերական մարմնի ներկայացուցիչները:
Ասուլիսի սկիզբնաւորութեան ԹՀ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Էդուարդ Բաբախանեան նշեց, որ նորընտիր Թեմական խորհուրդը կը շարունակէ անցեալի առաքելութիւնը եւ աւելցուց, որ ԹՀ Թեմական Պատգամաւորական ժողովը հաստատած է ներկայացուած պիւտճէն, շուտով կեանքի պիտի կոչուին Թեմական խորհուրդի յարակից մարմինները եւ մարմիններու անձնակազմը լրացնելու հարցով Թեմական խորհուրդը յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ: Ան աւելցուց, որ Թեմական խորհուրդը իր աշխատանքային շրջանին համար նախաձեռնած է հանդիպում՝ միութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, հանդիպում՝ Թեհրանի հայահոծ քաղաքամասերու հայրենակիցներու հետ, իսկ հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու հետ իւրաքանչիւր 6 ամիս մամլոյ ասուլիս եւ Թեմական խորհուրդի կայքէջի առաւել աշխուժացում:
Ասուլիսի ընթացքին խօսուեցաւ «Ա. Աւետիսեան» ազգային բուժարանին մէջ նոր ծառայութիւններու, ի մասնաւորի՝ 65 տարեկանէն վեր տարիք ունեցողներուն համար անվճար ծառայութեան, Նոր Բուրաստան գերեզմանատան շինարարական աշխատանքները թափով տանելու, ծխական տուրքի գանձման, Անթիլիասի մէջ կայանալիք Ազգային ժողովին Թեհրանի թեմի մասնակցութեան մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.