
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
«ՀԱ Նաւապտոյտը անկողմնակալ ձեռնարկ մըն է ու բացսիրտ հրաւէր մը՝ ուղղուած բոլորին։ Նաւապտոյտի գաղափարն ալ, իր կարգին, սկսաւ տաքուկ իր խորշը փնտռելու։ Այո՛, օրըստօրէ մեծցաւ ու ծաւալեցաւ ան։ Աշխարհի բոլոր կողմերէն եկող հայեր մեծ բաւարարութեամբ ընդգրկեցին միասնականութեան ձգտող անոր փիլիսոփայութիւնը, երբ անոնց հրաւէր կ՛ուղղուէր, որպէս նոյն ժողովուրդի զաւակներ, կողք կողքի հաց կտրելու, ոգեկոչելու եւ տօնակատարելու իրենց հայկականութիւնը։ Ոչ թէ առանձին-առանձին ու կոտորակուած, այլ որպէս իրարու հարազատ նո՛յն հաւաքականութիւնը, որ քով քովի եկած է՝ միասնականութեան իր կամքը արտայայտելու եւ ոսոխին պատգամ մը ուղղելու»։
Պետրոս Պանտազեան
15րդ Նաւապտոյտի նախագահական պատգամէն մէջբերուած վերի քանի մը տողերը, հարազատօրէն կ՛արտացոլեն Հայկական աւանդական նաւապտոյտի գոյութեան իմաստն ու յաջողութեան գաղտնիքը։
Կարծէք հեթանոսական դարաշրջանէն մեզի հասած եօթնօրեայ տօնակատարութիւն ըլլար Քարիպեան կղզիներուն միջեւ նազանքով ճախրող նաւապտոյտը՝ ճոխացած տոհմային եւ արդիական պարերով, սիրուած երգիչներու ելոյթներով, աղօթքի ու խոկումի պահերով, գրական-մշակութային բարձրորակ ձեռնարկներով, յեղափոխական երգերու հնչիւններով ու խրախճանքի եւ քէֆի մթնոլորտով։
Ազգային կանգուն ջիղերով տոգորուած ամերիկահայ անհատը, խրախուսիչ այս երեւոյթին մէջ կը տեսնէ հայապահպանման հզօր կռուան մը, երբ հարիւրաւոր ամուրի երկսեռ երիտասարդութիւն մը, ամէն տարի հոգեհարազատ այդ միջավայրը փութալով՝ հայեացքը դէպի հայահոծ նաւը կը սեւեռէ, հոն իր ապագայ կողակիցին կամ կեանքի ընկերոջ հանդիպելու յոյսով։ Եւ որպէս արդիւնք այդ մթնոլորտին՝ սիրոյ խոստումներ, նշանտուքի մատանիներ ու ամուսնութիւններ, ինչպէս նաեւ Ս. պսակի օրհնութիւն հէնց նաւուն շքեղ սրահներուն մէջ…
Արդարեւ, եկեղեցական հոգեպարար արարողութենէ ետք, զբօսանաւուն վրայ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ նաեւ հարսանեկան արարողութիւն, որմէ ետք հարսնեւորներն ու հետաքրքիր հասարակութիւնը տօնական մթ-նոլորտի մէջ, ծափերով ողջունեցին նորապսակները, որոնք հարսի ու փեսայի զգեստներով, զուռնայի հնչիւններուն տակ պարելով մտան հսկայ սրահը։
Նաւագնացներուս խոնարհ կարծիքով՝ ա՛յս պիտի ըլլայ Աւանդական նաւապտոյտի գոյատեւման սատարող ամէնէն ազդու, ամուր, ամէնէն ոգեւորիչ գրաւականը։ Օրինակ վերցնենք «Ամերիքըն Քրիսչըն Սինկըլ-Մինկըլ» կազմակերպութեան գործունէութենէն։ Ամէն տարի միլիոնաւոր ուղեկորոյս դարձած ամուրիներ քով քովի կը բերուին՝ քրիստոնէական առողջ բոյներ կազմելու համար։ Ինչո՞ւ չէ, թո՛ղ որ Աւանդական նաւապտոյտը դառնայ «Հայ ամուրիներու հանդիպման առողջ միջավայրը…»:
Որքա՛ն ալ նոր սերունդը ազգային ոգիով դաստիարակուած ըլլայ, արեւմտեան անծայրածիր հսկայ մայրաքաղաքներու քառուղիներուն ու խոլարշաւ կեանքի ջրապտոյտին մէջ շնչասպառ՝ անիկա ակամայ իր բախտը կը կապէ ազգային մեր փարախէն դուրս ազնիւ էակի մը։ Ծունկ ծեծելու փոխարէն, ազգային մեր կառոյցները ազդո՛ւ միջոցներու պիտի դիմեն՝ առաջքը առնելու երգեցիկ այս նահանջին, որ կը սպառնայ ազգային մեր դիմագիծի անաղարտ պահպանումին ու Հայ Դատի ոգիին։
Համահայկական նաւապտոյտը այն ովասիսն է, ուր պիտի ամրանան, իրականանան, պտղաւորուին գոյատեւումի մեր իղձերը։

Աւելորդ պիտի չըլլար յիշեցնել նաեւ, թէ սփիւռքահայ կարեւոր կազմակերպութիւններ սկսած են իրենց սեմինարներն ու հանդիպումները կազմակերպել զբօսանաւուն գեղակերտ սրահներուն մէջ, առանց հիւրասիրութեան կամ կողմնակի այլ ծախսերու ենթարկուելու։ Ո՛չ պանդոկի ծախս, ո՛չ տեղափոխութեան եւ ոչ ալ ճաշկերոյթի։ Ենթական, նաւապտոյտի տոմս մը գնելով՝ թէ՛ եօթնօրեայ արձակուրդ կը վայելէ իր սիրելիներուն հետ եւ թէ ազգային ու ընկերային իր պարտականութիւնները կը կատարէ։ Արդէն իսկ հոն տեղի ունեցան Ճեմարանականներու, Մելգոնեանցիներու, Վարդանանց Ասպետներու եւ այլ կազմակերպութիւններու վերամիացում-հանդիպումները:
Միւս կողմէ, ինչ կը վերաբերի նաւապտոյտին աւելի քան մատչելի գիներուն, ապա կը կարծենք, թէ այդ մէկն ալ կարեւոր իր տեղը կը գրաւէ նաւագնացներու նախընտրութեան ցանկին վրայ։ Արդարեւ, մայր ցամաքի վրայ ո՛ր անկիւնը, ուր շաբաթ մը արձակուրդի ձեռնարկենք՝ պանդո՛կ, տեղափոխութի՛ւն, ճա՛շ, գիշերային զբօսանքի վայրերու այցելութի՛ւն եւ այլն, զոյգին համար կրկնակի ծախս կ՛ըլլայ։ Այդ պատճառով ալ Աւանդական նաւապտոյտին նուիրածը՝ հայկական հարազատ իր միջավայրով, հրամցուցած ընտիր ձեռնարկներով ու ճաշատեսակներու ճոխութեամբ, կը համակէ, կը գրաւէ արձակուրդի ձեռնարկող զոյգերն ու հայ երկսեռ երիտասարդութիւնը։
Հայկական աւանդական նաւապտոյտի վարչութենէն կ՛իմանանք, թէ յաջորդ նաւապտոյտը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 18-25, 2014ին, «ՄՍԳ Տիվինա» բոլորովին նոր աստուածայի՛ն զբօսանաւով, եւ պիտի ընդգրկէ հետեւեալ կղզիները՝ Ֆիլիփսպըրկ, Սան Մարթին. Սան Խուան, Փորթօ Ռիքօ. Կրէյթ Սթիրափ Քէյ, Պահամազ:
Արձանագրութիւնները արդէն իսկ սկսած են։ Կը խնդրուի կարդալ ծանուցումները։
Մեր շնորհակալութիւնը Armenian Cultural Association of America կազմակերպութեան նուիրեալ անդամներուն, մեզի պարգեւուած սքանչելի ու հոգեսլաց եօթնօրեային համար։