ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի տարիներու երազը իրականութիւն դարձաւ, Այնճար հայաւանին մէջ կազդուրման կայանի շէնքին շինարարական աշխատանքներուն լրումով:
Շէնքը իր գեղատեսիլ տեսքով, արդիական շինարարութեամբ, այսօր ուշադրութիւնը կը գրաւէ գիւղի այցելուներուն:
Արդարեւ, «Արաքսի եւ Ալեքսան Գլպաշեան» նորակառոյց կազդուրման կայանի շինարարական աշխատանքները աւարտած ըլլալով, ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբը կազդուրման կայանի շէնքին շուրջ գտնուող պարտէզին մէջ ծառատնկումի աշխատանքի մը ձեռնարկեց Շաբաթ, 1 Յունիսին, կէսօրէն առաջ ժամը 11ին:
Կազդուրման կայան յաճախողփոքրիկներ եւ պատանիներ, իրենց պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ, մասնակցութիւն բերին Այնճարի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած թուփերու ծառատնկումի աշխատանքին՝ ներկայութեամբ կառոյցի բարերարներուն, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի, ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան եւ Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի անդամներուն:
«Տեսարանը շատ հաճելի երեւոյթ կը պարզէր, փոքրիկները անօրինակ խանդավառութեամբ մը համակուած էին, անոնց աչքերէն ուրախութիւն կը ճառագայթէր, կարծէք շնորհակալական խօսքեր էին ուղղուած բարերարներուն, որոնք հոգեկան բաւարարութեան զգացումներով կը հետեւէին անոնց անմեղունակ շարժումներուն:
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի երկնակամարին վրայ կ՛աւելնայ լուսաւորութեան նոր տուն մը, որ հաւատքով ու յանձնառութեամբ, ֆիզիքական ու հոգեկան սնունդ պիտի փոխանցէ տնտեսական տագնապի մէջ տուայտող դասակարգի մատղաշ սերունդներուն՝ հունաւորելով անոնց մէջ ազգային շունչ ու հայեցի դաստիարակութիւն», կը գրէ «Ազդակ»՝ աւելցնելով. «Կեդրոնը, Գլպաշեան բարերարներու, ազգայիններու, ԼՕԽի մասնաճիւղերու առատաձեռն աջակցութեան շնորհիւ, հայ փոքրիկներուն պիտի ընձեռէ, իր բազմազան ծառայութիւններուն կողքին, տաքուկ ընտանիքի սէրն ու ջերմութիւնը՝ հանրային ծառայութեան ջահը փոխանցելով սերունդէ սերունդ, հաւատարիմ մնալով ԼՕԽի վեհ նպատակին»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.