ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Թէքէեան մշակութային միութեան Արշակ Տիգրանեան վարժարանի 8րդ եւ 9րդ դասարանի աշակերտները Ապրիլ 23ին հնգօրեայ այցելութեամբ մը մեկնեցան Արեւելեան Ամերիկա, այցելելու համար Միացեալ Նահանգներու պատմական վայրերը, ընկերակցութեամբ իրենց անգլերէնի ուսուցիչ Փասքալ Նիթիսի եւ 8 ծնողներու:
Շրջապտոյտը կազմակերպուած էր վարժարանի ծնողներէն Շուշան Վանոյեանի կողմէ՝ «Էքոնօ Թրեվըլ»էն:
Աշակերտները իրենց առաջին երկու օրերը անցուցին Նիւ Եորքի մէջ՝ այցելելով «Թայմզ» հրապարակը, «Էմփայրը Սթէյթ» շէնքը, Ա-զատութեան արձանը, Ելեւմուտքի շրջանը եւ հռչակաւոր 5րդ պողոտան:
Ապրիլ 24ին, աշակերտները այցելեցին Ս. Վարդան Հայց. եկեղեցի՝ ներկայ ըլլալով Հայկական Ցեղասպանութեան առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որմէ ետք անոնք այցելեցին Սեպտեմբեր 11ի ահաբեկչական յարձակումներու վայրը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով զոհերուն:
Ապրիլ 25ին աշակերտները հասան Ֆիլատելֆիա՝ այցելելով Ազատութեան զանգակ, Անկախութեան սրահ ու Պենճըմին Ֆրենքլընի գերեզմանը, որմէ ետք անոնք անցան մայրաքաղաք Ուաշինկթըն՝ այցելելով Քոնկրեսի շէնքը, Սպիտակ տունը, Ուաշինկթընի յուշարձանը, Քորէական ու համաշխարհային Բ. պատերազմներու յուշարձանները եւ «Սմիթսոնիընզ»ի թանգարանները: Անոնք նաեւ առիթը ունեցան այցելելու Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանին համար յատկացուած վայրն ու «Ճորճթաուն» համալսարանը:
Աշակերտները Լոս Անճելըս վերադարձան Ապրիլ 28ին:
Վարժարանի համացանցային կայքին հասցէն է՝
www.dickranianschool.org:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.