
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Կիրակի, Յունիս 9, 2013ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Լոս Անճելըսի 3400 աթոռ ունեցող հանրածանօթ Dolby Theatre-ին մէջ (նախկին Kodak սրահը), հասցէ՝ 6801 Hollywood Blvd., Los Angeles, CA 90028 (Hollywood եւ Highland պողոտաներու անկիւնը), տեղի պիտի ունենայ փառաշուք ձեռնարկ մը, որ իր ազգային նպատակով ու մանաւանդ դրսեւորած ոգիով, պարզապէս աննախընթաց երեկոյ մը պիտի ըլլայ:
Այդ օրը մեր գաղութի բոլոր խաւերը՝ քաղաքական, եկեղեցական, բարեսիրական, ուսանողական ու երիտասարդական միաւորները, սիրով հրաւիրուած են ներկայ ըլլալու այս բարձրորակ ձեռնարկին եւ վայելելու հոգեխառն երգերու եւ պարերու աննման հրավառութիւն մը: Կոչ կ՛ընենք բոլորին, որ անպայման ներկայ ըլլան այս ձեռնարկին եւ բոլորիս ներկայութեամբ, միասնաբար մեր զօրակցութիւնը յայտնենք Սուրիա ապրող մեր տառապահար, բազմատեսակ դժուարութեանց մէջ գտնուող հայրենակիցներուն:
Այդ օրը, ազգային խորագոյն գիտակցութեամբ եւ կամաւոր կերպով ելոյթ պիտի ունենան գաղութիս պարծանքը հանդիսացող Վարդան եւ Սիրանոյշ Գէորգեաններու պարախումբը, պարուսոյց ունենալով անոնց շնորհաշատ դուստրը՝ Սոնա Գէորգեանը: Շուրջ 400 պարման-պարմանուհիներու մասնակցութեամբ, խումբը հայկական այլազան պարերով պիտի հմայէ ներկաները: Նոյնպէս այս ձեռնարկին առիթով, հայրենիքէն մասնաւոր պիտի ժամանեն երկու լուսաշող աստղեր, ազգային եւ ժողովրդային երգերու մեկնաբաններ Լէյլա Սարիբէկեան եւ Սիլվա Յակոբեան: Երեւոյթը խիստ յուզիչ է: Հայաստանի մեր արուեստագէտները եւ «Գէորգեան» պարախումբի բանակը նման ազնիւ եւ մարդկային գործի մը լծուած են՝ Սուրիոյ, այդ հեռաւոր ափերուն վրայ ապրող իրենց քոյրերուն, եղբայրներուն եւ հարազատներուն, իրենց աստուածատուր տաղանդով օգտակար հանդիսանալու համար:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է SARF՝ Լոս Անճելըսի մէջ գործող Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինին կողմէ, որուն մաս կը կազմեն մեր աւանդական կուսակցութիւնները, եկեղեցական պետերը եւ բարեսիրական մեծագոյն միութիւնները՝ ՀԲԸՄը եւ ՀՕՄը:
Ոչ ոքի համար նորութիւն մըն է, թէ վերջին երկու տարիներուն Սուրիոյ ազնիւ ժողովուրդը ծանր օրեր կ՛ապրի: Անոր հետ դժուարին օրեր կ՛ապրի նաեւ հոն ապրող եւ շուրջ 80,000 հաշուող լաւ կազմակերպուած հայադրոշմ եւ հայատրոփ հայ գաղութ մը:
Սուրիահայութիւնը 1915ի Ցեղասպանութենէն մինչեւ այսօր, կը հանդիսանայ սփիւռքահայութեան բաբախիւն սիրտը: Մինչեւ Հայաստանի անկախանալը, սուրիահայութիւնը մեր բոլոր գաղութներուն մտաւորական, կղերական, ուսուցիչ, դերասան մատակարարող գաղութ մը եղած է: Աւելին՝ 1946ին, դէպի Հայաստան կազմակերպուած ներգաղթի օրերուն, Սուրիոյ հայութիւնը մեծաթիւ խումբերով Հայաստան տեղաւորուեցաւ, եւ Սովետական Միութեան օրերուն Հայաստանը առանձին հանրապետութիւն մը դարձաւ, այլապէս՝ կրնար կիսանկախ շրջան մը ըլլալ՝ ուրիշ հանրապետութեան մը մէջ:
Արդարեւ, սուրիահայութեան այս ահռելի օրերուն, ողջ հայութիւնը, ըլլայ անիկա հայրենի պետական այրերը, սփիւռքահայութեան նախարարութիւնը, հայրենաբնակ մեր թանկագին ժողովուրդը, թէ հոգեւոր պետերը եւ Սփիւռքի աշխարհատարած հայութիւնը, մէկ մարդու նման, այլազան ձեռնարկներով եւ աշխատանքներով նեցուկ կը կանգնի սուրիահայ տառապահար մեր հայրենակիցներուն:
Այսօր գեղեցկագոյն երեւոյթ մը կը տեսնենք Ամերիկայի Արեւմտեան ափին վրայ ապրող հայութեան մօտ: Մեծատունը՝ իր գանձով, համեստ աշխատաւորները՝ իրենց լումաներով, արուեստագէտները (նկարիչ, պարող, երգիչ, ասմունքող եւ այլն)՝ իրենց արուեստով, բոլորը սատար կը հանդիսանան սուրիահայութեան ի նպաստ բազմազան ծրագիրներու, իրենց աստուածատուր տաղանդներով դժբախտացած սուրիահայութեան օգնութեան հասնելու համար:
Այս պատմական ձեռնարկին տոմսերը ապահովելու համար, կարելի է հեռաձայնել (818) 618-2348 թիւին, կամ այցելել Itsmyseat.com/HyeAid կայքէջը: Կարելի է տոմսեր ձեռք ձգել նաեւ Կլենտէյլի Պրանտ պողոտային վրայ գտնուող Beyond the Star սրահէն կամ Գէորգեան Արուեստի կեդրոնէն:
Սիրելի հայրենակիցներ, բոլորս խուռներամ ներկայ ըլլանք այս վեհ եւ պատուական գործին: Իւրաքանչիւր չափահաս այդ օրը իր զաւակները թող առաջնորդէ Dolby սրահ եւ փոքր տարիքէն անոնց կեանքը իմաստաւորէ, որպէսզի երբ անոնք մեծնան, հպարտօրէն ըսեն. «Ես սուրիահայութեան օգնած եմ», «Ես Հայաստան Հիմնադրամին» կամ «երկրաշարժի զոհերուն օգնած եմ», «Ես Ապրիլ 24ի քայլարշաւներուն մասնակցած եմ»…:
Յունիս 9ին, բոլորս դէպի Dolby սրահ:
***
Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմինի անդամները հետեւեալներն են.
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմ, Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն:
Համացանցային հասցէն է՝ www.SyrianArmenianReliefFund.org:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինի Գործադիր վարչութեան անդամ է