Չորեքշաբթի, Մայիս 29ի առաւօտուն, Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգ. մանկամսուր-մանկապարտէզի վարիչ Արսինէ Աղազարեանի հրաւէրով, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այցելութիւն մը տուաւ «Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան» մանկամսուրին՝ միանալով Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանին, որ առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէր մանկամսուրը։
Առաջնորդին կ՛ընկերանար Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան։ Ներկայ էին նաեւ մանկամսուրի հիմնադիր բարերաներ՝ տէր եւ տիկին Ռալֆ եւ Սաւի Թիւֆէնքեաններ, նաեւ բարերար ամոլի հարազատներն ու բարեկամները։
Հիւրերը այցելեցին մանկամսուրի զանազան բաժինները եւ լսեցին սիրասուն փոքրիկներուն երգերն ու արտասանութիւնները։ Սրբազան հայրը հայրական իր օրհնութիւնները փոխանցեց բոլոր ներկաներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.