ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ 5 Յունիսին տեղի ունեցած է նախարարին կից ատեանի հերթական նիստը: «Կոմիտաս» փառատօնի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին զեկուցում ներկայացուցած է նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանը: Ան դիտել տուած է, որ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն իրականանալիք փառատօնը պիտի նպաստէ ո՛չ միայն մշակութային ներուժի յայտնաբերման, այլ նաեւ հայ մշակոյթի շուրջ մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածներու համախմբմանը: Հայկական սփիւռքի գիտական, կրթական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ առկայ ներուժի հաշուառման գործընթացներու եւ տուեալներու միասնական համակարգի ստեղծման ծրագիրի իրականացման, համապատասխան քայլերու ընթացքին մասին զեկուցումով հանդէս եկած է սփիւռքի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Կարապետեանը: Այս իմաստով ան անդրադարձած է Սփիւռքի կառոյցներուն ու անհատներուն վերաբերեալ նախարարութեան ելեկտրոնային շտեմարանին՝ աւելցնելով, որ ցարդ հոն մուտքագրուած է սփիւռքահայ կառոյցներու ու անհատներու 9142 տուեալ: Խօսելով նախարարութեան համահայկական համաժողովներուն մասին՝ Դաւիթ Կարապետեան դիտել տուած է. «Համաժողովները կարեւոր են մասնագիտական կապերի հաստատման առումով, դրանց արդիւնքում ստեղծուած մասնագիտական ընկերակցութիւնների աշխատանքը չափազանց կարեւոր է այդ ներուժը ի նպաստ հայրենիքի օգտագործելու ու ընդհանրապէս աշխարհում հայկական ներուժի զարգացման առումով: Մասնագիտական ընկերակցութիւնների արդիւնաւէտ գործունէութեան համար կենսունակ մեխանիզմների ստեղծումը պէտք է այսուհետ եւս լինի սփիւռքի նախարարութեան գլխաւոր խնդիրներից մէկը»:
Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ԱՊՀ հայ համայնքներու վարչութեան հաշուետուութիւնը ներկայացուցած է ԱՊՀ հայ համայնքներու վարչութեան պետ Անդրանիկ Արշակեանը: Ամփոփելով նիստը՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուցած է նախորդ ամսուան ընթացքին գործադրուած նախաձեռնութիւններուն եւ խօսած է յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ կատարուելիքներուն մասին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.