
ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմինիաՆաու».- Հայաստանի կառավարութիւնը 6 Յունիսին ընդունած է Սիւնիքի տխրահռչակ մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի հրաժարականի դիմումը:
Խաչատրեանի հրաժարականի դիմումին մասին զեկուցած է տարածքային կառավարման փոխնախարար Վաչէ Տէրտէրեանը: Կառավարութեան նիստին ընթացքին նախապէս հրապարակուած օրակարգին մէջ այդ հարցը ընդգրկուած չէր. հրաժարականի դիմումը կառավարութեան նիստի օրակարգին վրայ իբրեւ արտակարգ կէտ ներառելու եւ նման որոշում տալու մասին կառավարութեան ներկայացուցիչները ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարած են։