ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Անվնաս կենդանիներէ չվախնալու «քաջութեան» նման, անվնաս մարդոցմէ զգուշանալու հարկադրուած չեն զգար մարդիկ, որոշ իմաստով անոնց ներկայութեան անվախ կամ ապահով զգալով: Ինչո՞ւ աւելորդ մտահոգութիւն կուտակել ուղեղին մէջ, կամ յոգնիլ այդ մասին մտածելով, երբ տուեալ անձը վնասակար մէկը չէ՛ եւ եթէ նոյնիսկ ուզէ այդպիսին ըլլալ՝ չի՛ կրնար ըլլալ, որովհետեւ կարողութիւնը չունի ըլլալու:
Օրինակ, կատուն ինչքա՛ն ալ փքփքայ կամ վագրի ձեւեր առնէ ու ճանկերը բացած հարուածելու շարժումներ ընէ, դարձեալ մարդիկ չեն վախնար իրմէ եւ ձեռքի մէկ շարժումով, ու բացագանչուած մէկ փստոցով կը յաջողին տասը մեթր անդին փախցնել ընտանի այդ կենդանին: Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ տան փափուկ անկողիններուն մէջ մեծցած շան համար, որուն միակ պարտականութիւնը, ներս մտնող հիւրի կօշիկներուն իր դունչը հպեցնելն է:
Մարդոց դէմքէն՝ արտաքինէն պէտք չէ՛ դատել ու եզրայանգումներ կատարել, անոնց վնասակար կամ անվնաս ըլլալուն մասին: Երբեմն շատ բարի ու անվնաս կերպարանքով մարդիկ, աներեւակայելի վնասներ կը հասցնեն իրենց շրջապատին: Իսկ շատ տխեղծ ու անհամակրելի արտաքինով անձեր, երբեմն ճիշդ իրենց կերպարանքին հակառակ՝ օժտուած կ՛ըլլան գեղեցիկ հոգիով:
Աննիւթեղէն հոգիի չափական համեմատութիւններուն մասին եթէ անկարելի է խօսիլ, ապա անոր զգալի գեղեցկութեան վկայութիւնը կու տայ այն վարմունքը, զոր մարդ կը ցուցաբերէ իր նմանին հանդէպ: Հոգիի գեղեցկութիւնը թէեւ շատ աւելի կարեւոր է ու անհրաժեշտ, սակայն մարդիկ միշտ հակամէտ են ֆիզիքական գեղեցկութիւն փնտռելու, յատկապէս կեանքի ընկեր ընտրելու «ճգնաժամ»ի ընթացքին:
Ուրիշին վնաս հասցնելու ներքին մղում ունեցող մարդիկ, մասնաւոր առիթի կամ պատեհութեան սպասելու պէտք չունին: Որովհետեւ այդ արարքը իրենց համար սովորական արարք է, եւ բնաւ յատուկ ճիգ չեն թափեր ատիկա իրագործելու համար: Գայլը երբեք չի՛ կրնար ըմբռնել թէ իր կատարած յափշտակութիւնը եւ յօշոտումը վատ արարք է: Ատիկա իրեն համար կենսական է, իր կենդանութիւնը պահպանելու եւ սոված որովայնը լիացնելու համար:
Նոյնը պիտի ըսէինք նաեւ ուրիշին վնաս հասցնող մարդոց համար, սակայն բանականութիւնը, զոր Աստուած պարգեւած է մարդուն, չի՛ թոյլատրեր նման մօտեցում: Աստուածատուր բանականութեան տէր անձը, ինչքան ալ տարբեր զգացումներով՝ թշնամական ձգտումներով մօտենայ ուրիշին, պէտք է պահ մը զգայ, թէ իր դիմաց գտնուող այդ էակը իրեն նման մարդ է եւ նոյնքան իրաւունք ունի ապրելու այս կեանքը, որքան՝ ինք:
Վնաս հասցնողներու յարձակումը երեւելի եւ աներեւոյթ իր տարբերակները ունի: Մութին մէջ իրենց ձեռքերը ուրիշի արիւնին խառնողները աներեւոյթ տարբերակը կ՛օգտագործեն, իսկ օր ցերեկով իրենց նմանը անդունդ առաջնորդողները, երեւելի տարբերակով յանկարծական յարձակում կը գործեն անոր կեանքէն ներս:
Ներկայ աշխարհի պայմանները այնպէս ըրին, որ հակառակ հաղորդակցութեան միջոցներու արագասոյր զարգացման ու կապի կայծակնային փոխանցումին, ամէն մարդ կը նախընտրէ մնալ իր պատեանին մէջ: Ուրիշին գործին խառնուելու ամէն հնարաւորութիւն ունենալով, ամէն վայրկեան համացանցային լուսադէմ պատկերներու ընդմէջէն իրարու հանդիպելով հանդերձ, մարդիկ չեն ուզեր զիրար տեսնել դէմ առ դէմ: Պաստառներու լուսացոլքին մէջէն իրարու հետ խօսիլը աւելի յանդգնութիւն կու տայ մարդոց, քան «քաջաբար» դէմ յանդիման գալով ըսելիքը ըսելը: Ամէն խօսք ըսելու համարձակութիւնը կու տայ մարդ ինք իրեն այդտեղ, սակայն ֆիզիքական մօտիկութիւնը արգելք կը հանդիսանայ այդ համարձակութեան: Իրականի եւ երազայինի, ճշմարտութեան ու խաբկանքի համեմատութիւններով կարելի է ընթանալ, գտնելու համար այս նորօրեայ իրավիճակին գաղտնիքը:
Զիրար երբեք չտեսած, իրարու բնա՛ւ չհանդիպած ու երբեք իրարու հետ չխօսած մարդիկ, երբեմն ինչքա՜ն համարձակութեամբ «կը խօսին» իրարու հետ ընկերային բնոյթի համացանցային էջերու վրայ: Նոյնը կարելի է ըսել հանգամանքով ու մակարդակով իրարմէ տարբեր անձերու համար, որոնք նոյնպէս «կը նոյնանան», հաւասարելով հաղորդակցութեան տուեալ էջի շրջագիծէն ներս:
Ուրիշին գոյութեան իրաւունքը ընդունելու միջոցներէն մէկը կարելի է համարել վերոյիշեալ կացութիւնը: Այսինքն՝ ընդունիլ միւսին ներկայութիւնը ամէն տեղ, նոյնիսկ անոր հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու աստիճան:
_ Եթէ վնաս չունի՝ հոգ չէ՛:
Այո՛, եթէ անոր ներկայութիւնը վնաս չունի՝ հոգ չէ՛, թող որ ըլլայ:
Կը պատմուի, թէ իր հայրենի գիւղէն առաջին անգամ դուրս գալով, հովիւը օտար աշխարհ գնաց: Հազիւ բազմամարդ քաղաքը մտած, լսեց բարձրախօսի ետին կանգնած կրօնաւորին ձայնը: Քաղաքի ժխորին մէջ այդ ձայնը վոհմակի յարձակումի նմանցնելով, սարսափահար իր ուղեկիցներուն հարցուց թէ՝ ի՞նչ է այս ձայնը: Երբ անոնք բացատրեցին անոր, թէ ի՞նչ է այդ, մարդը հանգստացաւ: Սակայն քիչ ետք, դարձեալ մտահոգ, յիշելով գիւղը թողած իր հազարաւոր արջառներն ու ոչխարները, հովիւը ուղեւորներուն հարցուց.
_ Այս ձայնը որեւէ վնաս կը հասցնէ՞ հօտերուն:
_ Ո՛չ, երբե՛ք, _ պատասխանեցին անոնք:
_ Ուրեմն, ինչքա՛ն ուզէ՝ թո՛ղ երգէ, _ ըսաւ գիւղացին:
Այո՛, եթէ վնաս չունի՝ հոգ չէ՛:
Այսպէ՛ս պէտք է նայիլ կեանքին: Ինչո՞ւ յաւելեալ մտահոգուիլ կամ ծանրաբեռնել առօրեան: Չէ՞ որ ամէն մարդ իր բաժինը պիտի առնէ այս աշխարհէն, ու անցնի երթայ: Բազմաթի՜ւ մարդիկ նայած են սէգ կատարներու եւ անցած: Լեռները իրենց տեղը մնացած են, սակայն անոնց նայած, նոյնիսկ անոնց փէշերուն բնակութիւն հաստատած մարդիկ այսօր չկան, նորերը եկած են փոխարինելու զանոնք:
Կեանքի անիւի դառնալուն ո՛չ ոք ցարդ կրցած է արգելք հանդիսանալ, մանաւանդ երբ մահը, կեանքի ընթացքի կասեցման իր հեղինակաւոր ու վճռական հարուածը տուած է: Անդենական կամ հանդերձեալ ու երանական կեանքով հոգեղէն գոյութիւնը շարունակելու անխախտ հաւատքի մասին չէ՛ այստեղ խօսքը, այլ՝ նիւթեղէն աշխարհի մէջ ժամանակաւոր գոյութեան կը վերաբերի, որուն սկիզբ ունենալը արդէն իսկ ազդարարութիւն է՝ անոր դէպի վախճան ընթանալու մասին:
Ուրիշներուն գոյութիւնը պէտք չէ՛ խանգարէ մեր կեանքը: Ամէն մարդ իր անձը, այսինքն՝ իր բնութիւնը պիտի իրագործէ: Իր ստացած ընտանեկան ու ընկերային դաստիարակութիւնը, ապրած միջավայրէն կրած ուղղակի թէ անուղղակի ազդեցութիւնները անպայման գործօն դերակատարութիւն կ՛ունենան իր փոխյարաբերական կեանքին մէջ: Մէկը այսպէս, միւսը՝ այնպէս, մէկը այսքան, իսկ միւսը՝ այնքան:
Ուրիշներու գործին չխառնուելու իմաստութիւնը պէտք է առաջնորդէ իւրաքանչիւր գիտակից մարդ, խաղաղ ապրելու իր աստուածապարգեւ կեանքը, մինչեւ այն օրը, երբ Աստուած դարձեալ տուն կանչէ անոր պանդուխտ հոգին:
_ Եթէ վնաս չունի՝ հոգ չէ՛:
Այս մտածումը ինքնին հանդարտեցուցիչ ու համոզիչ գաղափար է, որ հանդուրժողութիւն կ՛ուսուցանէ, արտօնելով բոլորին խաղաղ գոյակցութիւնը այս գիւղին մէջ՝ երկիր մոլորակին վրայ: