ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ռոզպլաթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Վենեզուելլայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է Ուաշինկթընի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերահաստատելու: 2010էն ի վեր երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կը պահպանուին գործավարներու մակարդակով, որովհետեւ Ուաշինկթըն մերժած էր Քարաքասի մօտ իր դեսպանի թեկնածուն՝ Լերի Փալմըրը, փոխել, երբ Քարաքաս չէր ընդունած զայն:
Վենեզուելլայի նորընտիր նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ, Ապրիլ 24ին Միացեալ Նահանգներու մօտ նոր հաւատարմատար նշանակած էր՝ յոյս յայտնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւն կը սկսի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.