ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Ֆոթիս Ֆոթիու յայտարարած է, թէ Կիպրոս մտադիր է երկու մարտանաւ գնել՝ իր նաւատորմիղը հզօրացնելու համար: Ֆոթիու յայտնած է, որ հակառակ կղզիին դիմագրաւած տնտեսական ծանր իրավիճակին՝ Կիպրոս ձեւեր կը փնտռէ իր պաշտպանութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ շարք մը երկիրներու, մասնաւորաբար՝ Իսրայէլի հետ ռազմավարական դաշինք կնքելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.