Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բ. Ընկալուած հիւանդութիւններ.
ա. Կծիկա-երիկամաբորբ (glomerulonephritis).
Անիկա յաճախակիօրէն տեսնուած հիւանդութիւն մըն է եւ ընդհանրապէս կը պատահի կոկորդի ցպկային բորբոքումներէ ետք: Երկու երիկամները միածամանակ կ՛ախտահարուին այս հիւանդութեամբ: Կծիկա-երիկամաբորբի ախտածնունդը հիմնուած է դիմադրողականութեան խանգարումներով եւ հակամարմիններու յառաջացումով որոշ մանրէներու դէմ: Այս բոլորը կը գործեն երիկամներու կծիկներուն վրայ եւ տեղի կ՛ունենայ երիկամներու ամբողջական բոր-բոքում:
Կծիկա-երիկամաբորբը կը յատկանշուի մեզի մէջ յայտնուած արեան կարմիր գնթիկներով եւ սպիտակուցներով: Անիկա ընդհանրապէս անակնկալ եւ սուր բորբոքում մըն է, որ կ՛ունենայ արագ զարգացումի ընթացք:
Երիկամներու այս բորբոքումը կրնայ մնայուն բորբոքումի վերածուիլ: Այս պարագային բորբոքումը կ՛ըլլայ դանդաղ եւ յառաջընթաց: Մնայուն բորբոքումով տեղի կ՛ունենայ երիկամային անբաւարարութիւն (renal failure), երբ մարմինին մէջ կը կուտակուին թունաւոր նիւթեր: Երիկամի անբաւարարութեան պարագային հիւանդը կը կարօտի արհեստական երիկամի դարմանամիջոցին՝ արեան տրամալուծումին (hemodialysis): Իսկ այս դարմանամիջոցի ձախողութեան պարագային միակ փրկութիւնը այլ անձի մը երիկամի փոխպատուաստումն է (kidney transplant):
բ. Երիկամի աւազանի բորբոքում (pyelonephritis).
Անիկա ընդհանրապէս ցպկային բորբոքում մըն է եւ կը պատահի առաւելաբար չափահասներու մօտ: Բորբոքումը հետեւանքն է ընդհանրապէս միզապարկի երկարատեւ եւ կամ չդարմանուած բորբոքումին: Անոր ախտանշաններն են՝ ջերմ, դող, քրտինք, գլխացաւ, թարախոտ մէզ, որ կը պարունակէ նաեւ արեան կարմիր գնդիկներ եւ սպիտակուց.
գ. Երիկամի երակին արիւնախիցքաւորում (renal vein thrombosis): Արիւնախիցերու ճնշումով երակը կը վնասուի, կը բացուի եւ տեղի կ՛ունենայ արիւնահոսում.
դ. Երիկամի զարկերակի խցում, որ կը յառաջացնէ երիկամի քայքայում եւ նոնիսկ երիկամի մահ.
ե. Երիկամային քարեր.
Երիկամի մէջ կազմուած քարերը կ՛ունենան զանազան բաղադրութիւններ եւ տարբեր-տարբեր չափեր ու ձեւաւորումներ: Երիկամային քարերը կրնան մնալ առանց որեւէ մէկ ախտանշանի երկար տարիներ: Անոնք կրնան երկար ժամանակ մնալ անշարժ եւ կամ շարժիլ ու ուղղուիլ դէպի միզափող եւ յառաջացնել միզափողի զանազան աստիճանի խցում, որ պայմանւորուած է քարերու չափէն: Պզտիկ քարերը անցնելով միզափողէն կը հասնին միզապարկ, իսկ խոշոր քարերը կը մնան նստակեաց միզափողին մէջ եւ կը խցեն զայն՝ մասնակի կամ ամբողջովին:
Երիկամային քարերը կը յառաջացնեն զանազան ախտանշաններ եւ հիւանդութիւններ, օրինակ.
1. Միզային համակարգի բորբոքում՝ միզափողի, միզապարկի եւ միզուկի բորբոքումներ,
2. Երիկամներու ծաւալում (hypertrophy),
3. Երիկամաջրակալում,
3. Կողի եւ փորի ցաւ,
4. Միզարգելութիւն եւ միզելու դժուարութիւն,
5. Արիւնամիզութիւն (hematuria):
զ. Nephrotic syndrome, երբ տեղի կ՛ունենայ երիկամային բնասպիտի (protein) առատ արտաթորում: Անոր ախտանշաններն են՝ սպիտակուցներու առատ ներկայութիւն մէզին մէջ, սրունքներու չրակուտակում եւ երիկամներու մնայուն վնաս:
է. Երիկամի աշխատանքի սուր եւ անակնկալ ձախողութիւն (acute renal failure).
Այս մէկը կը յառաջանայ երիկամներու անակնկալ-սուր բորբոքումներէ եւ վնասէ ետք, շագանակագեղձի ծաւալումով, միզափողի քարային խցումով, մարմնական ընդհանուր սուր ջրանուազումով, սրտանօթային հիւանդութիւններով. շաքարախտի եւ զարկերակային բարձր ճնշումով:
Սուր եւ անակնկալ ձախողութիւնը կ՛ունենայ շատ արագ զարգացում, որ կանխելի է շտապ դարմանումով:
ը. Երիկամի մնայուն ձախողութիւն.
Անիկա հետեւանքն է երկարատեւ մնայուն շաքարախտի եւ զարկերակային բարձր ճնշումի ինչպէս նաեւ երիկամներու ընդհանուր բջիջային բորբոքումի: Անիկա կը յատկանշուի երիկամներու մնայուն մասնակի կորուստով եւ փճացումով:
Մնայուն ձախողութիւնը կ՛ունենայ երկար ընթացք, որ կը տեւէ ամիսներ եւ տարիներ:
թ. Շաքարախտային երիկամատապ (diabetic nephropathy).
Անիկա կը յատկանշուի երիկամներու ախտաբանական մնայուն փոփոխութիւններով, առատ շաքարի ներկայութեամբ մէզին մէջ եւ երիկամներու մնայուն ձախողութեամբ:
ժ. Զարկերակային գերճնշումի երիկամատապ (hypertensive neuropathy).
Անիկա շաքարախտի նման կը յատկանշուի երիկամային ախտաբանական մնայուն փոփոխութիւններով, սպիտակուցներու առատ ներկայութեամբ մէզին մէջ եւ երիկամային մնայուն ձախողութեամբ:
Շաքարախտի եւ զարկերակային մնայուն գերճնշումի ախտաբանական վնասները վերջնական են եւ անդարմանելի:
ժա. Արիւնամիզութիւն.
Այս մէկը կը յայտնուի երեք ձեւերով.
1. Տեսանելի մեծ տարողութեամբ արիւնամիզութիւն, երբ մէզը կազմուած կ՛ըլլայ մեծամասնութեամբ արիւնով,
2. Տեսանելի քիչ տարողութեամբ արիւնամիզութիւն, երբ մէզը կ՛ըլլայ վարդագոյն-կարմրագոյն,
3. Անտեսանելի արիւնամիզութիւն, երբ մէզը գրեթէ կ՛ունենայ բնական գունաւորում, բայց արիւնահոսումը կը փաստուի մէզի մանրադիտակի (microscopic) քննութեամբ:
Արիւնամիզութիւն տեղի կ՛ունենա՛յ հետեւեալ հիւանդութիւններուն պատճառով.
Երիկամային քարեր, երիկամի ընդոծին առատներ, կծիկա-երիկամաբորբ, բազմապարկային երիկամ, շագանակագեղձի ծաւալում եւ բրբոքում, երիկամային, միզափողային եւ միզապարկային խլիրդ եւ երիկամի անօթային անբնական երեւոյթներ:
(Շար. 2 եւ վերջ)