
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Յովնան արք. Տէտէրեան կրթաթոշակի հիմնադրամի յանձնախումբը կը յայտարարէ տարեկան շարադութեան մրցոյթի շահողներուն անունները: Շարադրութեան նիւթն էր՝ «The Golden Rule» եւ բոլոր շարադրութիւններն ալ յանձնուեցան եւ դատուեցան կրթաթոշակի յանձնախումբի անդամներուն կողմէ:
Շահողներուն անունները յայտարարուեցան Մայիս 31ին: Անոնք են՝ Վահէ Եագուպեան՝ ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրոդական վարժարանէն, Գարինա Զէյրէք՝ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանէն, Անի Սարաֆեան՝ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանէն, Մեղեդի Մանոյեան՝ Յովսէփեան վարժարանէն, Ալէք Մեսրոպեան՝ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանէն եւ Մայքըլ Կանեան՝ ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանէն:
Իւրաքանչիւր շահող արժանացաւ առաջնորդին կողմէ ստորագրուած շնորհաւորական վկայագիրի մը, որուն մէջ յարատեւ յաջողութիւն կը մաղթուի անոնց: