– Իտալիոյ կառավարութիւնը որոշած է չորս միլիառ տոլար յատկացնել՝ աջակցելու համար երկրի տնտեսութեան վերականգնման գործին, այսպիսով փորձելով լուծել անգործութեան բարձր մակարդակի հարցը: Կառավարութիւնը կը յուսայ ստեղծել 30,000 աշխատանքի առիթ: Տնտեսագէտներու համաձայն՝ Իտալիոյ մէջ անգործութեան մակարդակը պիտի հասնի 12.3 տոկոսի, եթէ կառավարութիւնը վիճակը բարելաւելու նպատակով միջոցառումներու չդիմէ:
– Թուրքիոյ Զբօսաշրջական պանդոկներու միութեան վարչութիւնը հաղորդեց, թէ աւելի քան 200,000 զբօսաշրջիկ ջնջած է Թուրքիա այցելելու իր ծրագիրը, վերջին ցոյցերուն հետեւանքով, ինչ որ մօտաւորապէս 55 միլիոն եուրոյի կորուստ մըն է պանդոկներուն համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.