ՊՈԼԻՍ.- «Մեթրոփոլ» ռազմավարական եւ ընկերային հետազօտութեան կեդրոնին կատարած մէկ հարցախոյզը ցոյց կու տայ, թէ հարցախոյզի մասնակիցներուն 49.9 առ հարիւրը կը հաւատայ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը դէպի մենատիրական եւ բռնաճնշումի կառավարման ոճ կ՛ուղղուի, իսկ 36 առ հարիւրը տակաւին կը հաւատայ, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ դէպի ժողովրդավարացում ուղղուիլ: Մասնակիցներուն 54.4 առ հարիւրին կարծիքով՝ կառավարութիւնը անտեղի կերպով միջամուխ կ՛ըլլայ քաղաքացիներու կեանքին:
Հարցախոյզը ի յայտ կը բերէ, թէ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժողովրդականութիւնը Յունիս ամսուան ընթացքին շուրջ 11 կէտով նուազած է՝ բաղդատմամբ մէկ տարի առաջ նոյն ամսուան ցուցանիշին, իսկ Էրտողանի ժողովրդականութիւնը մէկ ամսուան ընթացքին 7 առ հարիւրի անկում մը կրած է: Հարցախոյզի մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը Էրտողանը «կարծր եւ կռուազան» կը նկատէ:
Նաեւ, 54.2 առ հարիւրը Սուրիոյ նկատմամբ կառավարութեան քաղաքականութեան դէմ է, իսկ 45.7 առ հարիւրը Ռէյհանլըի մէջ անցեալ ամիս տեղի ունեցած ականահարումները կը վերագրէ կառավարութեան անփութութեան:
Հարցախոյզը ցոյց կու տայ նաեւ, որ եթէ խորհրդարանական ընտրութիւնները Յունիս 16ին տեղի ունենային, ապա իշխող կուսակցութիւնը պիտի ստանար քուէներուն 35.3 առ հարիւրը, Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը՝ 22.7 առ հարիւրը, Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը՝ 14.5 առ հարիւրը, իսկ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը՝ 6.2 առ հարիւրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.