ԳՐՈՂԻ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
(Հեղինակ՝ Երուանդ Իսկանդարեան)
Հինգշաբթի, Յունիս 6ի երեկոյեան, ՔՀԳ միութեան նախաձեռնութեամբ, Կլենտէյլի հանրային գրադարանը, խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս մը՝ նուիրուած Երուանդ Իսկանդարեանի վերոնշեալ հատորին:
Ստորեւ՝ մեր աշխատակից Պօղոս Գուբելեանի ելոյթը՝ սոյն հանդիսութեան.
«Շնորհակալութիւն ՔՀԳՄ վարչութեան եւ մասնաւորապէս ներկայ հատորի թարգմանիչ, Գրողներու միութեան եռանդուն անդամ Երուանդ Իսկանդարեանին, անձիս հանդէպ ցուցաբերուած վստահութեան համար: Խոստովանիմ, որ հանդիսավարի պաշտօնը ինծի առիթ տուաւ, որ պահ մը մէկդի թողում առօրեայ զբաղումներս ու մօտէն ծանօթանամ միջնադարեան պարսիկ գրականութեան հանճարեղ ներկայացուցիչներու ստեղծագործութիւններուն ու անոնց կենսագրութեանց: Այս երեկոյ, բարեկամներ, իմ պաշտօնս Իսկանդարեանի նոր հատորին նուիրուած շնորհահանդէսը վարելն է: Իսկ գիրքին համապարփակ քննարկումը պիտի կատարէ գրող մտաւորական Արմէն Շահպանտարեան:
Սկսելու համար՝ թարգմանիչ մեր ընկերոջ կարճ կենսագրականը, ապա՝ քննարկուող հատորին վրայ հպանցիկ ակնարկ մը: Պիտի անդրադառնամ նաեւ միջնադարեան պարսիկ գրողներուն կեանքէն առնուած հետաքրքրական դրուագի մը, զոր համացանցի միջոցով ձեռք բերի: Ինչպէս ներկայ հատորին խորագիրէն կարելի է հետեւցնել, Իսկանդարեանի այս նոր գործը հանրածանօթ պարսիկ բանաստեղծներու քառեակներէն կատարուած հարազատ թարգմանութիւն է:
Իսկանդարեան իրանահայ է ու քաջածանօթ՝ պարսկերէն լեզուին: Ան տարրական իր ուսումը ստացեր է Թեհրանի ազգային վարժարաններու մէջ ու իր սերնդակիցներէն շատերուն նման, բուռն ընթերցանութեան նուիրուելով՝ հասած է գրող-մտաւորականի ներկայ մակարդակին: Ան խոնարհաբար կը խոստովանի, թէ իր պատանեկութեան, միտքէն իսկ չէր անցուցած բանաստեղծական հատորներու հեղինակ դառնալ օր մը օրանց:
«Օմար Խայեամ եւ Պապա Թահեր» հատորին կողքին, անոր հրատարակուած միւս գործերն են «Սասունցի Դաւիթ եւ Փոքր Մհեր» պօէմը եւ բանաստեղծութիւններու «Յաղթարշաւ» ժողովածոն: Իսկանդարեանի ներկայ հատորը կազմուած է մօտ ութսուն էջերէ, ուր պարփակուած են զոյգ մը հանճարեղ գրողներու քառեակներուն հայերէն թարգմանութիւնները՝ սպառիչ ու դժուարին աշխատանք մը, որուն լծուած է ան մեծ նուիրումով:
Հատորին առաջին մասը կ՛ընդգրկէ հայ ժողովուրդին սիրելի Օմար Խայեամի քառեակները: Յայտնի փիլիսոփայ բանաստեղծը ծնած է 1048 թուականին, Իրանեան Խուրիստանի Նայշափուր քաղաքը, ու վախճանած 1122ին, 74 տարեկան հասակին: Կը պատմուի, թէ Օմար Խայեամ եւ իր ընկերները՝ Հասան Պին Սապահ եւ Նիզամ էլ Միւլք, կ՛աշակերտեն հանրայայտ գիտնական Իմամ Մովաֆֆաքին, ու երեք մտերիմ ընկերները երդում կը կատարեն, որ իրենցմէ յաջողագոյն դիրքը գրաւողը իր դասընկերները պիտի չմոռնայ եւ անոնց ալ դիրք ու հարստութիւն պիտի ապահովէ: Նիզամ էլ Միւլք կ՛ըլլայ այն բախտաւորը, որ տարիներ ետք, Ալփ Արսլանի վեզիր կամ «նախարարապետ» կը նշանակուի, ու երբ պատանեկութեան ընկերները իրեն կը ներկայանան, ան հաւատարիմ մնալով տուած խոստումին՝ կը փորձէ օգնութեան ձեռք երկարել անոնց:
Հասան Պին Սապահ, բարձր պաշտօն մը ստանալէ ետք իր վեզիր ընկերոջմէն, յանկարծ կը սկսի մեծամտանալու ու աւելին պահանջելու: Ան ապերախտ իր էութիւնը ցոյց կու տայ՝ չգնահատելով իր բարերարին կողմէ իրեն ընձեռուածը: Տարիներ ետք, իր նախկին ընկերոջ դէմ ըմբոստանալով՝ ան վատաբար կը դաշունահարէ զայն:
Ի հակադրութիւն՝ Օմար Խայեամ քիչով կը բաւարարուի ու պաշտօն չի տենչար: «Ամենամեծ ոսկորը, զոր իմ առջեւս կրնաս նետել, քու շուքիդ տակ ստեղծագործական անտագնապ կեանքի մը ապահովումն է», կ՛ըսէ ան իր բարեկամին: Դասընկերոջ կարգադրութեամբ, ան տարեկան որոշ գումար մը կը ստանայ պետական սնտուկէն ու ինքզինք կը նուիրէ գրելու: Իգական սեռին ու հարբեցման յանձնուելով՝ ան յաճախ կ՛անջատուի իրականութենէն ու փիլիսոփայական խորքով քառեակներ կը գրէ:
«Միայն մեզի այդպիսի դասընկեր մը բախտ չինկաւ…», պիտի մտածեն ամէն ազգի եւ բոլոր ժամանակներու գրողները, անտարակոյս: Խայեամի քառեակները, առաջին ակնարկով, «քէֆ ընողին քէֆ չի պակսիր»ի տպաւորութիւնը կը թողուն ընթերցողին վրայ: Սակայն գինին ու կինը մեծ փիլիսոփային համար փախուստ մըն էին վաղանցուկ կեանքի իրականութենէն: Լաւագոյն պարագային՝ երկրայինի ու երկնայինի, յաւիտենական կեանքի գոյութիւնն ու առեղծուածը չկարենալ լուծելու յարակարծութիւն…
Ուրեմն խմէ՛, Խայեամ, քեզ կաշկանդող տագնապներէն անջատուելու համար: Գուցէ բանիմաց ընթերցողը հարց տայ, թէ ինչո՞ւ իրեն նման աստղագէտ, ֆիզիքոս ու փիլիսոփայ մը գինիին մէջ պիտի խեղդէր «գոյ»ն ու «անգոյ»ը չկարենալ փաստարկելու անձկութիւնը: Մեզի համար ալ այդ մէկը առեղծուած կը մնայ:
Գալով «Ռուապիյաթ» քառեակներու օտար լեզուներու թարգմանողներուն, ապա անոնցմէ ամէնէն հանրայայտներն են անգլիացի գրող Էտուըրտ Ֆիցժերալտը, ֆրանսերէն լեզուի՝ պարսիկ գրող Համետ Ֆուլաւինտը, արաբերէնի՝ Ահմետ Սաֆին, եւ անշուշտ անոնց շարքին մեր սիրելի Երուանդը:
Այն գրողները, որոնք օտար լեզուներէ թարգմանութիւն կատարած են, կը գիտակցին այդ աշխատանքին հետ կապուած դժուարութիւններուն: Յաճախ բնագիրին հաւատարիմ մնալու փորձութիւնը երկսայրի սուր կրնայ դառնալ թարգմանիչի պարանոցին՝ երկին բուն իմաստը մշուշապատելով: Անոր համար ալ, յաճախ թարգմանելու փոխարէն՝ հայեացնել բայը կը գործածուի մեր մամուլին մէջ:
Իսկանդարեանի թարգմանութեան մէջ, բարեբախտաբար, նուազագոյնին հասած է բնագիր-թեքստին հաւատարիմ մնալու-չմնալու անորոշութիւնը: Ուրախ ենք նշելու, թէ հոն մշուշոտ միտքերով քառեակներու թիւը զանցառելի է: Հետաքրքրական է իմանալ, թէ հեղինակը ո՞ր ուղղագրութեամբ կատարած է արժէքաւոր իր այս թարգմանութիւնը, քանի որ նոր ուղղագրութեամբ լոյս տեսած է հատորը:
Միւս կողմէ, շնորհաւորելի է սոյն հատորի մուտքին ողջոյնի լուրջ ու խորիմաստ խօսքով հանդէս եկած գրող-մտաւորական ու թարգմանիչ Ռուբինա Օհանեանը:
Ստորեւ՝ նմոյշներ Խայեամէն զանազան լեզուներով կատարուած թարգմանութիւններէ.
Թարգմանութիւններ Օմար Խայեամէն
Boire du vin et tourner autour des beautes,
Vaut mieux que pratiquer la fausse piete!
Si l՛ivrogne et l՛amoureux sont damnes
Qui donc verra le Paradis.
Համետ Ֆուլաւինտ
Oh threats of Hell and Hopes of Paradise!
One thing at least is certain – This Life flies;
One thing is certain and the rest is Lies;
The flower that once blown forever, dies.
Էտուըրտ Ֆիցճերալտ
Խայեամ եթէ գինուց արբեցած ես, ուրախ կա՛ց,
Թէ լուսներես գեղուհու հետ նստած ես, ուրախ կա՛ց,
Որովհետեւ աշխարհի վերջն է՝ ունայն ու անգոյ,
Հէնց իմացիր որ չկաս, բայց քանի կաս՝ ուրախ կա՛ց:
Երուանդ Իսկանդարեան
ՊԱՊԱ ԹԱՀԵՐ ՕՐԵԱՆ
Իսկանդարեանի թարգմանչական հատորին մէջ տեղ գրաւած պարսիկ երկրորդ մեծ գրողն է Պապա Թահեր Օրեանը, որուն ծննդեան ստոյգ թուականը յայտնի չէ, սակայն ըստ պատմաբաններու՝ սուլթան Տուղրիլ Պէկ անոր կը հանդիպի 1170ական թուականներուն, Համադան կատարած իր ճամբորդութեան ընթացքին:
Փորձառու ընթերցողին վրայ, Օմար Խայեամի չափ եւ գուցէ քիչ մը աւելի խոր տպաւորութիւն կը ձգէ անոր քնարը, կամ այս պարագային՝ Երուանդ Իսկանդարեանի կողմէ կատարուած քառեակներու թարգմանութիւնը.
Քայլում եմ, քայլում բարձր սարերում,
Սրինգ նուագում, ուխտս եմ որոնում,
Ուղտ եմ կորցրել ես անապատում,
Հասցէն տալիս են շահի պալատում:
Առանց քեզի եդեմը բանտ է աչքիս,
Ծաղկանոցը հրոյ խարոյկ է աչքիս,
Առանց քեզի խաղաղ ապրելը կեանքում,
Քաոսային քուն ու երազ է աչքիս:
Երանի թէ հատորին թարգմանիչը քիչ մը աւելի ընդլայնէր իր պրպտումները՝ հանճարեղ զոյգ գրողներու կենսագրութեանց թաքնուած ծալքերը յայտնաբերելու: Յոյսով ենք, որ մեր այդ իղձը հեղինակին ուշադրութեան կ՛արժանանայ հատորին երկրորդ տպագրութեան առիթով:
Վարձքդ կատար, սիրելի Երուանդ…»