
ԹԱՒՐԻԶ.- Հինգշաբթի, 20 Յունիսի առաւօտուն, ՀՕ Միութեան Թաւրիզի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Միութեան «Ծերունի Գասպարեան» մանկապարտէզ-նախակրթարանի տարեկան դաշտահանդէսը կատարուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի պարտէզին մէջ:
Դաշտահանդէսի խանդավառ եւ հաճելի ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Ազգային վարչութեան անդամներ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեանի, ՀՕՄի վարչականներ, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հրաւիրեալներ:
Կրթօճախի ուսուցչական կազմի անդամներ՝ Նայիրի եւ Անի Դիլանեաններու, ինչպէս նաեւ երգի եւ արուեստի ուսուցիչներ Կարէն Սարգիսեանի, Նարինէ Սայադեանի եւ Արլէն Պատալեանի կողմէ կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներով, աշակերտները ելոյթ ունեցան, իրենց սորված երգերն ու արտասանութիւնները ներկայացնելով:
Կէսօրուան ճաշին ու ատոր յաջորդած քաղցրեղէններու հիւրասիրութիւնը ծնողական խորհուրդին կողմէ, Ազգային առաջնորդարանի ծառերու շուքին ներքեւ, բազմապատկեցին դաշտահանդէսի հաճելի մթնոլորտը:
Այս առիթով, ՀՕ Միութեան վարչութեան եւ Ծնողական խորհուրդին կողմէ մասնաւոր յուշանուէրներով գնահատուեցան ուսուցչական կազմի բոլոր անդամները:
Wonderful! It’s nice to know that the Armenian schools and churches are alive and thriving. They are sacred to our nation’s survival , identity and progress.