ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Ոսկէ ծիրան» երեւանեան 10րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնը պիտի սկսի «Մոսկուա» սրահին մէջ լրագրողներուն համար ժապաւէններու ցուցադրութեամբ։ Այս մասին յայտնած են «Ոսկէ ծիրան» երեւանեան միջազգային փառատօնի մամլոյ ծառայութենէն՝ յայտնելով, որ ժապաւէններու ցուցադրութիւնը պիտի տեւէ 24-29 Յունիս։
Փառատօնի գործունէութեան, մրցութային ծրագիրներուն, ժապաւէններու մասին լուսաբանութիւնը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու համար փառատօնի պաշտօնական մեկնարկէն առաջ լրագրողները կարելիութիւն պիտի ունենան ժապաւէններուն ծանօթանալու։
Նշենք, որ փառատօնը պիտի սկսի 7 Յուլիսին եւ աւարտի 14 Յուլիսին։ Այս տարի փառատօնին պիտի անդրադառնան ոչ միայն հայաստանեան լրատուամիջոցները, այլ նաեւ միջազգային կայանները, ինչպէս՝ «Եուրոնիուզ», «Կուլտուրա», «Տը Նեշընըլ», «Սայթ էնտ սաունտ» եւ այլն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.