ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ ժողովուրդին վերածնունդը եւ յարութիւնը խորհրդանշող Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 95րդ ամեակին առիթով, Հայ իրաւաբանական միութիւնը կազմակերպած էր ճաշկերոյթ-տօնակատարութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Մայիս 28ին, Կլենտէյլի «Ֆընիշիա» ճաշարանին մէջ:
Ձեռնարկը յատկանշական էր նաեւ անոր համար, որ տեղի կ՛ունենար Հայ իրաւաբանական միութեան տարեկան 24րդ Ընդհանուր ժողովէն միայն քանի մը օր ետք՝ հանդիսանալով միութեան 25րդ տարուան անդրանիկ նախաձեռնութիւնը:
Ներկայ էին առաջնորդներ Յովնան արք. Տէրտէրեան ու Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, իսկ հանդիսավարն էր Հայ իրաւաբանական միութեան նախորդ ատենապետ Էտվին Մինասեանը, որ շեշտեց, թէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջնորդներուն տեսլականը՝ ընկերային արդարութեան հիման վրայ բարգաւաճ, ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի մը գոյացումը, պէտք է բոլորին աշխատանքին կիզակէտը դառնայ:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայ իրաւաբանական միութեան ներկայ ատենապետ Կարօ Ղազարեանը՝ խօսելով Հայաստանի Հանրապետութեան իրագործումներուն մասին եւ յիշեցնելով, թէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կանանց ոչ միայն իրաւունք տուած էր քուէարկելու, այլեւ՝ խորհրդարանի անդամ ընտրուելու, այն օրերուն, երբ կիները քուէարկելու իրաւունք իսկ չունէին Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ապա, ան բեմ հրաւիրեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համաատենապետուհի իրաւաբան Նորա Յովսէփեանը, որ խօսեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան յառաջդիմական եւ արդիական քայլերուն մասին՝ մատնանշելով, թէ անիկա աշխարհի առաջին հանրապետութիւններէն էր, որ կին դեսպան մը նշանակած էր, յանձինն Տիանա Աբգարի: Ան եւս կոչ ըրաւ վառ պահելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրներուն տեսլականը:
Ապա, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ Սալբի Քերքոնեանի, Յարութ Փամպուքճեանի եւ Շամլեան Ազգային վարժարանի 6րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներու:
Ճաշկերոյթին գլխաւոր բանախօսն էր վերանկախացած Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարար Ռաֆֆի Յովհաննէսեանը, որ նաեւ Հայ իրաւաբանական միութեան հիմնադիրն է եւ Երեւան հաստատուած Ռազմավարական ու ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի (ՌԱՀՀԿ) առաջնորդը:
Հայ իրաւաբանական միութեան ներկայ ատենապետ Կարօ Ղազարեան Քիփլինկի «Եթէ» բանաստեղծութեան նախ անգլերէն եւ ապա՝ Մուշեղ Իշխանի կողմէ հայերէնի թարգմանուած տարբերակը կարդալէ ետք, բեմ հրաւիրեց Ռաֆֆի Յովհաննէսեանը, որ ոգեւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ՝ շեշտելով ազգային միասնականութեան սկզբունքներուն վրայ արդարամիտ կառավարութիւն մը մէջտեղ բերելու կարեւորութիւնը եւ կոչ ընելով ներկաներուն, որ դուրս գան դիտողի եւ քննադատի դերերէն ու անցնին գործանական աշխատանքի, այդ նպատակը իրականացնելու համար:
Փակման խօսքը արտասանեց Հայ իրաւաբանական միութեան նախկին ատենապետ եւ ներկայ վարչութեան մէջ փոխատենապետի պաշտօնը ստանձնած Արմէն Յովհաննէսեան՝ կոչ ընելով բոլորին, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման սեմին, միասնական ջանքով վերակենդանացնեն Մայիս 28, 1918ի աննուաճելի ոգին:
Ձեռնարկին մասնակից պետական պաշտօնատարներուն շարքին էին Լոս Անճելըս քաղաքի նորընտիր դատախազ Մայք Ֆիւըր եւ Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետ Լիրոյ Պաքա:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.