ՀՕՄի Քրեսենթա հովիտի «Թալին» մասնաճիւղի հովանաւորած Շաբաթօրեայ վարժարանի 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 15 Յունիս 2013ի կէսօրէն առաջ ժամը 10:30ին, Քրեսենթա հովիտի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ:
ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Էմմա Կարապետեանի եւ անոր գործընկերուհի եւ Շաբաթօրեայ վարժարանի պատասխանատու Ծաղիկ Գարտեանի կողքին, ներկայ էին վարժարանի աշակերտութեան բոլոր ծնողները, մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը եւ հիւրեր, որոնք ժամանակէն առաջ իրենց տեղերը գրաւելով՝ կազմած էին հաճելի բազմութիւն մը:
Հանդէսին բացումը կատարեց վարժարանի տարիներու տնօրէն Գէորգ Պետիկեան, որ նախ բարի գալուստի ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն, ապա մեծապէս գնահատեց Շաբաթօրեայ վարժարանին հանդէպ ծնողներուն ունեցած հաւատքն ու անոնց ցուցաբերած յարգանքը, մանաւանդ՝ անոնց նիւթաբարոյական քաջալերանքն ու վստահութիւնը:
«Տարեվերջը առիթ մըն է, որ իբրեւ պատասխանատու՝ բացայայտենք անցնող ուսումնական տարեշրջանի մեր բոլոր դժուարութիւններն ու մեր ձեռք ձգած յաջողութիւնները: Հպարտութեամբ կու գամ յայտնել, թէ դարձեալ յաջող տարի մը բոլորեցինք», ըսաւ տնօրէնը, որ կրկին անգամ դրուատեց իրենց փոքրիկները Շաբաթօրեայ վարժարան ուղարկող ծնողները եւ կոչ ուղղեց բոլորին, որ զինուին այդ գիտակցութեամբ՝ ի սէր մատղաշ սերունդի ազգային առողջ դաստիարակութեան:
Ապա, յիշելով վարժարանին ուսումնական գետնի վրայ վերջերս արձանագրած յաջողութիւնը՝ տնօրէնը ընթերցեց ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կողմէ վարժարանին ուղղուած Մայիս 2013 թուակիր յատուկ գնահատագիրը, որուն մէջ կ՛ըսուէր.
«Գնահատագիր ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանին, ՀՕՄի Վարժարաններու խնամակալ մարմինին կազմակերպած ընդհ. զարգացման մրցումին լաւապէս պատրաստուած եւ գերազանց արդիւնք արձանագրած ըլլալուն համար»:
Ներկաները երկար ծափահարութիւններով եւ բացագանչութիւններով գնահատեցին տարուած աշխատանքն ու ձեռք ձգուած բացառիկ արդիւնքը: Տնօրէն Պետիկեան շեշտեց, թէ այս պատիւը արդիւնք էր դպրոց եւ տուն միատեղ եւ համագործ ճիգերուն, սերտ ու հետեւողական կապին ու աշխատանքին: Ուստի, վարժարանին կողքին եւ անոր չափ, անպայմանօրէն պատիւը նաեւ կ՛երթար ծնողներուն:
Խօսելով իր ուսուցչական կազմին մասին՝ Պետիկեան աւելցուց նաեւ, թէ ամբողջ տարուան ընթացքին իր ուսուցչական կազմը պարտաճանաչ ու գիտակից կերպով գործակցած էր եւ ուսումնական ծրագիրին հետեւած, առանց նոյնիսկ բացակայութիւն մը արձանագրելու, ինչ որ ինքնին գիտակցութիւն եւ պարտաճանաչութիւն կ՛ենթադրէ: Ապա, բեմ հրաւիրելով իր կազմի անդամները՝ Մայտա Գոճանեան, Նուշիկ Ետալեան, Լիզա Պետիկեան, Նոյեմի Լոքմանեան, Սօսէ Գալանճեան եւ օգնական Սելլա Մարգարեան, հրապարակաւ գնահատեց ու առանձնաբար շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, ամբողջ տարուան ընթացքին տարած աշխատանքին համար: Անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ յայտարարուած Հայ Մօր Տարուան՝ տնօրէնը ըսաւ, որ ոչ միայն ամբողջ տարին, այլեւ այսօրուան աշակերտական գեղարուեստական յայտագիրը եւս ամբողջովին նուիրուած է հայ մօր: Գ. Պետիկեան կատարուած աշխատանքին իր գնահատանքին կողքին, կարեւորութեամբ ընդգծեց վարժարանը հովանաւորող ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան եւ բոլոր անդամուհիներուն համագործ ոգին եւ անոնց նուիրուած աշխատանքը՝ կրկին անգամ շնորհակալութիւն յայտնելով յատկապէս ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան եւ Շաբաթօրեայ վարժարանի յանձնախումբի անդամուհիներուն՝ Ծաղիկ Գարտեանին ու վարչութեան ատենապետուհի Էմմա Կարապետեանին, որոնք ամբողջական նուիրումով հասած էին վարժարանի բոլոր կարիքներուն:
Իր կարգին, ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Էմմա Կարապետեանը իր պաշտօնական խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը, մեծապէս գնահատեց վարժարանի ուսուցչական կազմին ու յատկապէս տնօրէն Պետիկեանի աշխատանքն ու ճիգերը՝ միաժամանակ շեշտելով ՀՕՄի սրբազան մէկ պարտականութեան՝ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան համար յատուկ տարուած աշխատանքն ու զոհողութիւնը, եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր ծնողներուն, այս վարժարանը բարգաւաճ դարձնելու անոնց ներդրումին եւ վստահութեան:
Բացման խօսքերէն ետք, վարժարանի բոլոր աշակերտները, իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ դասարանային շարքով սրահ մտան եւ բեմ բարձրանալով կատարեցին իրենց վստահուած յայտագիրը: Հանդիսութիւնը սկսաւ աշակերտութեան Տէրունական աղօթքով, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներու երգեցողութեամբ՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ վարժարանի երգի ուսուցչուհի Նոյեմի Լոքմանեանի:
Նկատի ունենալով, որ հանդէսի յաջորդ օրն իսկ Հայրերու Օրն էր, այս առթիւ բարձրագոյն կարգի աշակերտ Տիմիթրի Պետոյեան բոլոր հայրերուն նուիրուած սրտի խօսք ընթերցեց, ապա փոքրիկն Վանա Պետիկեան կատարեց «Հանդէսի առթիւ» արտասանութիւնը, իսկ Նաթալի Տէր Աւաննէսեան վարեց իր դասարանին ինկած բաժինը:
Աշակերտները, իրենց դասարաններու կարգով, կատարեցին խմբային թէ առանձին զանազան արտասանութիւններ եւ մանկական ու ազգայնաշունչ երգեր: Յատկապէս մանուկները շատ հետաքրքրական ու գրաւիչ կերպով, իրենց անմեղութեան կողքին, ներկայացուցին իրենց սորված արտասանութիւններն ու մանկական եւ ազգային երգերը՝ մեծ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն պատճառելով սրահի ծնողներուն եւ յատկապէս մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն:
Հետաքրքրական էր լսել մօր նուիրուած խմբերգը, որուն մեներգողի բաժինը համարձակ կատարեց փոքրիկն Դաւիթ-Տէյվիտ Գարտեանը՝ երկարօրէն խլելով ներկաներու ծափահարութիւնները: Ապա, վարժարանի բարձրագոյն կարգի աշակերտները հրամցուցին տնօրէն Պետիկեանի հեղինակած ու բեմադրած «Քերականութեան դասը» աշակերտական թատերախաղը: Ներկայացուցած այս կարճ սակայն դաստիարակիչ խաղին ընդմէջէն, ներկաներուն ուշադրութիւնը գրաւեց աշակերտներուն մօտ բացայայտուած յստակ արտայայտուելու կերպերը, անոնց համարձակութիւնն ու յանդգնութիւնը:
Ամավերջի հանդէսի պաշտօնական բաժինի աւարտին, բարձրագոյն կարգի աշակերտները տնօրէն Պետիկեանի ձեռամբ ստացան յատուկ գնահատագիրներ՝ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած ընդհ. զարգացման մրցումին անոնց մասնակցութեան եւ ձեռք բերած գերազանց արդիւնքին համար: Ապա բոլոր աշակերտները իրենց ուսուցիչներէն ստացան վիճակացոյցներն ու Ծնողական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած խորհրդանշական նուէրները: Ներկաները հիւրասիրուեցան վարժարանի Ծնողական յանձնախումբին կողմէ:
Խանդավառ ու հայկական մշակութային հարուստ մթնոլորտով լեցուն յայտագիրին պաշտօնական բաժինի աւարտին, ծնողները անձամբ գնահատեցին տարեկան այս ելոյթը:
(Թղթակցութիւնը՝
Շաբաթօրեայ Վարժարանէն)