ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 26-27 Յունիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «ՀԱՊԿի ռազմական բաղադրիչի ձեւաւորման քաղաքական- անվտանգային ուղենիշները» ֆորումին զուգահեռ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան Դրաստամատ Կանայեանի անուան ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու հիմնարկը դարձաւ ՀԱՊԿ վերլուծական կազմակերպութեան անդամ: Անդամակցութեան յուշագիրը ստորագրուեցաւ «ՀԱՊԿի ռազմական բաղադրիչի ձեւաւորման քաղաքական- անվտանգային ուղենիշները» նիւթով կայացած երկրորդ ռազմավարական քաղաքական ֆորումի ընթացքին՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի ու ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիկոլայ Պորտիւժայի համաձայնութեամբ: ՀԱՊԿ վերլուծական կազմակերպութիւնը կը մշակէ կառոյցի անդամ երկիրներու միացեալ տեղեկատուութեան քաղաքականութիւնը: Անիկա կը զբաղի նաեւ գործարար կապերու հաստատումով, տեղեկատուութեան փոխանակմամբ՝ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով:
Ֆորումին ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիկոլայ Պորտիւժան, ՀՀ ԱԱԽ քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանը, Հայաստանի փոխարտգործնախարար Շաւարշ Քոչարեանը եւ այլ անձնաւորութիւններ: Ողջոյնի ուղերձ յղած էր նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը: «ՀԱՊԿ ռազմական բաղադրիչի պլանային զարգացումն ու կատարելագործումն, անկասկած, կը նպաստի Կազմակերպութեան պատասխանատուութեան ներքոյ գտնուող շրջանում կայունութեան ու անվտանգութեան ապահովմանը եւ միջազգային անվտանգութեան համակարգում նրա հեղինակութեան բարձրացմանը», նշած է նախագահը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.