ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿի ներկայացուցիչները ընդունած են Սուրիոյ կառավարութեան նոր հրաւէրը՝ քիմիական զէնքի օգտագործման հարցերը Դամասկոսի մէջ քննարկելու համար:
Կառավարութեան հետ բանակցութիւններ կատարելու համար Սուրիա պիտի մեկնին Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի հաւանական օգտագործումը հետաքննող ՄԱԿի առաքելութեան ղեկավար Օքէ Սելսթրեմ եւ զինաթափման հարցերով բարձրագոյն ներկայացուցիչ Անճելա Քէյն: Անոնք Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ պիտի քննեն սուրիական տագնապին ընթացքին քիմիական զէնքի օգտագործման դէպքերու ուսումնասիրութեանց հարցերը:
Յուլիս 9ին, ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ փորձագէտները դէպքերը վերլուծելով յանգած են այն եզրակացութեան, որ զինեալ ընդդիմադիրները 2013ի գարնան Հալէպի մօտ քիմիական զէնք օգտագործած են:
Միւս կողմէ, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Յուլիս 11ին կոչ ուղղեց՝ Սուրիոյ մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատելու, մինչ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախկին նախարար Պենիամին պեն Էլիազար յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը կատարելապէս պատրաստ պէտք է ըլլայ, մասնաւորաբար՝ ներկայ հանգրուանին, որ անորոշութեամբ կը բնորոշուի, Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն լոյսին տակ:
Վերջապէս, «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, թէ Յուլիս 12ին Սուրիական ազատ բանակը սպառնացած է անպատասխան չձգել «Քայիտա»ի զինակիցներու կողմէ իր հրամանատարներէն մէկուն սպանութիւնը, ինչ որ կը սպառնայ նոր ճակատ մը բանալ Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ զինեալ պայքար մղող ընդդիմադիր խմբաւորումներուն միջեւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.