ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Ուաշինկթընի մօտ Իսրայէլի դեսպան Միքայէլ Օրեն իսրայէլեան «Հաարեց» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Իրանի դէմ պատերազմ շղթայազերծելու կարողութիւնն ունի, եւ կ՛ուզէ պաղեստինցիներուն հետ բանակցութիւնները շարունակել՝ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին լուծումի մը հասնելու համար: Ան միաժամանակ աւելցուց, թէ «Նեթանիահու իր ուսերուն վրայ մեծ պատասխանատուութիւններ ունի եւ կարելին պիտի ընէ, որ պատերազմներու մէջ չներքաշուի»: Դեսպանը յայտնեց, որ «Նեթանիահուի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի միջեւ համաձայնութիւնն է՝ Պաղեստինը փոխան Իրանի. սակայն այդ համաձայնութիւնը չգործադրուեցաւ, որովհետեւ Օպամա Իրանը չզսպեց եւ Նեթանիահու պաղեստինեան պետութեան հաստատման ուղղութեամբ պատմական քայլ մը չգործադրեց»: Ան աւելցուց, որ «Օպամա Իսրայէլի իսկական բարեկամ մըն է եւ շատ լուրջ մարդ մը, եւ զայն ու անոր յանձնառութիւնը թեթեւի պէտք չէ առնել»: Ըստ Օրենի, «Նեթանիահուի եւ Օպամայի միջեւ տարակարծութիւնը ռազմավարական չէ, այլ՝ մարտավարական, եւ անոնց յարաբերութեան մէջ հարցեր կան, սակայն՝ ոչ իսկական տագնապ մը: Երբ ընդհանուր մթնոլորտը լարուած էր, քուլիսներուն ետին իբրեւ դաշնակից աշխատեցանք»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.