Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Դեղնութիւն-դեղնախտ (jaundice) ըսելով կը հասկնանք մորթի եւ աչքերու սպիտակապատեանին (sclera) դեղին գունաւորումը, որ հետեւանք է բնականէն աւելի արեան մէջ շրջագայող լեղագունակ bilirubin-ի: Անիկա ներքին քանի մը հիւանդութիւններու դրսեւորումն է, որ կը յայտնուի մորթին եւ աչքերուն մէջ: Դեղնութիւնը հիւանդութիւն մը չէ, այլ ախտանշան մը: Անիկա փոխանցիկ չէ եւ կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի, առանց սեռի խտրութեան:
Bilirubin-ը կ՛արտադրուի արեան ներկանիւթէն (hemoglobin): Bilirubin-ը լեարդ հասնելէ ետք կ՛արտաթորուի մաղձին հետ դէպի բարակ աղիքներ, ուր անիկա կը տարրալուծուի եւ հասնելով հաստ աղիքներ կ՛արտաքսուի մարմինէն դուրս՝ կղկղանքի հետ:
Դեղնութիւն կը յառաջանայ, երբ լեարդին մէջ bilirubin-ի արտաթորումը արտադրութիւնէն պակաս ըլլայ:
Բնական պայմաններու մէջ 100 մլ. արիւնը կը պարունակէ 0.5-1.2 մկ. bilirubin: Երբ այս քանակաչափը բարձրանայ 2-3 մկ.ի դեղնութիւնը կը յայտնուի: Աչքի սպիտակապատեանին դեղին գունաւորումը կը յայտնուի մորթի դեղնութենէն առաջ:

Սակայն ինչպէ՞ս կը յառաջանայ bilirubib-ը եւ ինչպէ՞ս տեղի կ՛ունենայ դեղնութիւնը: Այս հարցումներուն պատասխանը պիտի ներկայացնեմ յաջորդ պարբերութիւններուն մէջ:
Արեան կարմիր գնդիկները շարունակ կ՛արտադրուին մեր մարմինին մէջ, մասնաւորաբար՝ ոսկրածուծին մէջ: Առողջ կարմիր գնդիկները կ՛ապրին մօտաւորապէս 120 օր եւ վերջաւորութեան անոնց ներկանիւթը՝ hemoglobin-ը, կը տարբաղադրուի ազատ bilirubin-ի (unconjugated bilirubin), երկաթի եւ globulin սպիտակուցի: Երկաթը կը մնայ մարմինին մէջ եւ դարձեալ կ՛օգտագործուի կարմիր գնդիկներու կազմաւորման գործընթացին մէջ:
Ազատ bilirubin-ը կը մտնէ արեան շրջագայութեան մէջ եւ կը միանայ հոն գտնուող albumin սպիտակուցին, որպէսզի դիւրաւ փոխադրուի լեարդ, ուր ան կ՛անջատուի albumin-էն եւ ածանցուելէ (conjugated) ետք կ՛արտաթորուի մաղձին հետ դէպի լեարդածորան ու հոնկէ՝ բարակ աղիք: Հոս՝ մանրէներու ներգործութեամբ, ածանցեալ bilirubin-ը կը վերածուի urobilinogen լեղաներկի եւ urobilin լեղաներկի: Urobilinogen-ի պզտիկ մաս մը ետ կը ներծծուի բարակ աղիքներու պատերուն կողմէ եւ արեան միջոցաւ կը վերադառնայ լեարդ ու մաղձին հետ ետ կ՛արտաթորուի: Իսկ մնացեալ urobilinogen-ը կը խառնուի կղկղանքին հետ եւ որոշ փոփոխութիւններէ ետք կղկղանքին կու տայ յատուկ կանաչ գունաւորում եւ կ՛արտահանուի մարմինէն դուրս: Կղկղանքով կ՛արտահանուի օրական 40-280 մկ. urobilinogen: Urobilin-ը արեան ճամբով կը հասնի երիկամներ եւ հոնկէ մէզին հետ կ՛արտաթորուի: Անիկա մէզին կու տայ յատուկ դեղին գունաւորում մը:
Բնական պայմաններու մէջ միջին ծանրութեամբ անձ մը կ՛ունենայ 5 լիթր արիւն 750 կրամ hemoglobin-ով: Ամէն օր կարմիր գնդիկներուն 1/120ը կը կործանի եւ 6.3 կրամ hemoglobin-էն յառաջացած 250-350 մկ. ազատ bilirubin-էն կ՛արտադրուի 250-280 մկ. urobilinogen բարակ աղիքին մէջ:
250-350 մկ. ազատ bilirubin-ին 80 տոկոսը կու գայ այլափոխուող մահացող կարմիր գնդիկներէ իսկ մնացեալը ոսկրածուծէն եւ լեարդէն:
Դեղնախտ կը յառաջանայ հետեւեալ հիւանդութիւններու գոյութեամբ.
Ա. Ներլեարդային հիւանդութիւններ
ա. Լեարդաբջիջային հիւանդութիւններ, ուր տեղի կ՛ունենայ լեարդաբջիջային անբնական գործունէութիւն հետեւեալ պատճառներով.
1.- Ժահրային սուր եւ մնայուն լեարդաբորբ (acute and chronic hepatitis) մասնաւորապէս՝ Hepatitis B եւ C,
2.- Լեադաբորբ ալքոլի գործածութեամբ,
3.- Լեարդի ձախող աշխատանք՝ որոշ դեղերու գործածութեամբ,
4.- Լեարդի փճացում (liver cirhhosis), որ հետեւանքն է երկարատեւ ալքոլի գործածութեան եւ մնայուն լեարդաբորբի,
5.- Լեարդի բնական աշխատանքի վատթարացում մարմնական զանազան հիւանդութիւններով, օրինակ՝ համբոյրի հիւանդութիւն (infectious mononucleusis), աւշագեղձերու խլիրդ (lymphoma) եւ սպիտակարիւնութիւն (leukemia):
բ. Լեարդի բարակ ծորանիկներու (ductules) խցում, որ կը յառաջանայ.
1.- Լեարդաբորբի պատճառով,
2.- Թունաւոր դեղերով,
3.- Ալքոլի գործածութեամբ:
Բ. Արտալեարդային հիւանդութիւններ
ա. Լեարդամաղձային ծորանի (common bile duct) խցում.
1.- Լեարդամաղձային ծորանի քարերով,
2.- Լեարդամաղձային ծորանի խլիրդով, որ կը յառաջանայ շարոյրի (pancrease) խլիրդի զարգացումով:
բ.Կարմիր գնդիկներու արագ եւ առատ տարրալուծում (hemolysis).
Կարմիր գնդիկներու տարրալուծումով մեծ քանակութեամբ bilrubin կ՛արտադրուի եւ տեղի կ՛ունենայ զօրաւոր եւ արագ դեղնութիւն:
Կարմիր գնդիկներու արագ տարրալուծումը կը պատահի կարգ մը ժառանգական ախտանիշ (syndrome) հիւանդութիւններով:
Կարմիր գնդիկներու արագ եւ առատ տարրալուծումը կը յառաջացնէ արեան կարմիր գնդիկներու նուազում:
Այս հանգրուանին եթէ ոսկրածուծը օգնութեան չհասնի եւ առատ կարմիր գնդիկներ չարտադրէ տեղի կ՛ունենայ սուր սակաւարիւնութիւն (acute anemia):
Դեղնախտի ընդհանուր ախտանշաններն են.
1.- Մարմինի բացայայտ դեղնութիւն,
2.- Աչքերու սպիտակապատեանի դեղնութիւն, երբ արեան bilirubin-ի քանակը հասնի 2-2.5 մկ.ի,
3.- Մէզի թէյի նման գունաւորում՝ urobilin-ի նուազումով, որ ընդհանրապէս կը յայտնուի մորթին դեղնութենէն առաջ,
4.- Կղկղանքի մոխիրի նման գունաւորում urbilinogen-ի նուազումով,
5.- Նողկանք, փսխունք, փորհարութիւն, որոնք տեղի կ՛ունենան դեղնութենէն առաջ սուր լեարդաբորբի պարագային,
6.- Ախորժակի նուազում, կշիռքի կորուստ եւ յոգնածութիւն, որոնք առաւելաբար կը պատահին ալքոլ գործածողներու եւ մնայուն լեարդաբորբի ու լեարդածորանի խլիրդի պարագային,
7.- Մարմնական քերուըտուք,
8.- Bilirubin-ի յայտնութիւն մէզին մէջ:
Լեարդամաղձային ծորանի խցումով կը յառաջանայ.
1.- Արեան bilirubin-ի բարձրացում,
2.- Կղկղանքի մոխրագոյն-ճերմակ գունաւորում եւ մէզի թէյի գունաւորում: Այս մէկը կը պատահի, որովհետեւ bilirubin չի հասնիր բարակ աղիքներ եւ պատճառ կը դառնայ urobilinogen-ի բացակայութեան կղկղանքին եւ urobilin-ի մէզին մէջ բացակայութեան:
3.- Մարմնական քերուըտուք,
4.- Դանդաղ ընթացքով դեղնութիւն,
5.- Փորի ցաւ, փսխունք, նողկանք, որոնք կը պատահին դեղնութեան յայտնումէն առաջ,
6.- æերմ եւ դող:
Համբոյրի հիւանդութեան դեղնութեան հետ կը տեսնուի նաեւ մարմինի ընդհանուր աւշագեղձերու ծաւալում:
Սպիտակարիւնութեան եւ աւշագեղձերու խլիրդի հետեւանքով յառաջացած դեղնութիւնը կ՛ունենայ երկարատեւ ընթացք:
Կղկղանքի urobilinogen-ի քանակը կը նուազի երեք պատճառներով.
1.- Bilirubin-ի արտադրութեան նուազում,
2.- Լեարդի հիւանդութիւններ՝ լեարդի փճացում, լեարդի խլիրդ,
3.- Լեարդածորանի խցում՝ քարերով եւ խլիրդով:
Դեղնախտի ախտաճանաչումը տեսնուած բացայայտ դեղնութիւնն է: Սակայն պէտք է ախտաճանաչուի անոր բուն ախտապատճառը, որպէսզի կատարուի ճշգրիտ դարմանումը: Հիւանդին եւ դեղնութեան պատմականը խիստ կարեւոր է: Կը կատարուին արեան եւ մէզի տեսակաւոր յատուկ տարրալուծարանային քննութիւններ եւ նկարահանումներ, ինչպէս՝ համակարգչային եւ մագնիսարձագանգային նկարահանումներ: Յաճախ պզտիկ կտոր մը կը վերցուի լեարդէն (biopsy) կատարելու համար ախտաբանական քննութիւն:
Դեղնախտի դարմանումը կը կատարուի համաձայն անոր ախտապատճառներու ախտաճանաչումին: Մինչ այդ դեղնութիւն ունեցող անհատը պէտք է կատարեալ հանգիստ ընէ, սննդարար կերակուրներ ուտէ, ալքոլ չգործածէ եւ առատ ջուր խմէ:
Լեարդածորանի խցումը կը կարօտի վիրաբուժական միջոցառումի: