
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Վերջին երկու շաբաթներուն ինչպէս հայկական, նոյնպէս եւ թրքական ու միջազգային շրջանակներու մեկնաբանութեանց ու հակազդեցութեանց լուսարձակին տակ յայտնուեցաւ ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանը՝ Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն Հայաստանի Հանրապետութեան ունեցած հողային պահանջներուն մասին իր յանդուգն – ու հայկական իրաւատիրութեան առումով՝ ողջունելի – յայտարարութեամբ։
Զանգուածային լրատուամիջոցներու համաձայն՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ», ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած Իրաւաբաններու համաժողովին պաշտօնական ամպիոնէն Յուլիս 5ին իր ունեցած ելոյթով, ՀՀ գլխաւոր դատախազը յայտարարած էր.
– Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի ժառանգները պէտք է նիւթական փոխհատուցում ստանան. Հայ Եկեղեցուն պէտք է վերադարձուեն Թուրքիայի տարածքում հրաշքով կանգուն մնացած եկեղեցիները եւ եկեղեցապատկան հողերը. Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ստանայ իր կորցրած տարածքները: Բայց այդ բոլոր պահանջները պէտք է ունենան անթերի իրաւական հիմնաւորումներ:
Պարզորոշ է, որ Հայ Դատի պահանջատիրութեան իմաստով՝ ըստ էութեան արտակարգ ոչինչ կայ ՀՀ գլխաւոր դատախազի յայտարարութեան մէջ։ Իբրեւ հայ իրաւաբանի՝ Աղուան Յովսէփեան պարզապէս կը խտացնէ մեր ժողովուրդին ազգային-քաղաքական արդար պահանջները, Մեծ Եղեռնի 100ամեակին համահայկական ոգեկոչումը նախապատրաստելու համազգային աշխատանքներու ընդհանուր ծիրէն ներս։
Աւելի՛ն. ՀՀ գլխաւոր դատախազին յայտարարութիւնը հիմնական քայլ մը կը նետէ եւ յառաջ կ՛անցնի Հայաստանի պետական իշխանութեանց ցարդ կիրարկած ռազմավարական այն մօտեցումէն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան բոլոր հետեւանքներուն յաղթահարումը հռչակած է ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթ օրակարգ։
ՀՀ գլխաւոր դատախազը ըստ ամենայնի կ՛արձագանգէ ու կ՛ընդառաջէ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին տանելու եւ մարդկային ու ազգային հատուցման, այլեւ ու մանաւանդ հողային իրաւատիրութեան քաղաքական մակարդակին բարձրացնելու համազգային հրամայականին։
Փաստօրէն, առաջին անգամ ըլլալով այսպէ՛ս, հրապարակաւ եւ հանգամանօրէն, Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը՝ ՀՀ գլխաւոր դատախազը պետական ռազմավարութեան մակարդակին կը բարձրացնէ հայոց հողերու պահանջատիրութեան օրակարգը։
Անշուշտ պէտք չկայ ջուրը չտեսած բոպիկնալու եւ կտուրներէն բարձրաձայն աւետելու, որ ի վերջոյ պաշտօնական Երեւանը որոշած է իր արժանի ու բնական տեղը գրաւելու Հայ Դատի համազգային պահանջատիրութեան յառաջապահ եւ առաջատար դիրքերուն վրայ։
Հայաստանի նախագահական իշխանութիւնն ու կառավարութիւնը դեռ չարձագանգած ՀՀ գլխաւոր դատախազի աննախադէպ յայտարարութեան, թրքական պետութիւնը արդէն հակադարձ համազարկի տակ առած է Հայաստանն ու հայութիւնը։ Թուրք պաշտօնատարներ սկսած են հաւար փրցնելու, որ իբր հակաթուրք տրամադրութեանց ալիք մը բարձրացած է Հայաստանի մէջ… Իբր թէ Սփիւռքի հայութեան հակաթուրք «մոլեռանդութենէն» վարակուած՝ Հայաստանի իշխանութիւնները սկսած են «հողեր պահանջելու» Թուրքիայէն, որ որեւէ մէկուն հող պարտական չէ եղեր, եւայլն, եւայլն…
Չմոռնանք, որ Հայաստանի պետութիւնը տակաւին պատանդ է իր գործող իշխանութեանց «նախաձեռնած» կամ ակամայ հետապնդած «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» ձեռքը։ Այսպէս կոչուած «Հայեւթուրք Արձանագրութեանց» ուրուականը տակաւին կը հալածէ Հայաստանն ու հայութիւնը։ Թուրքիոյ հետ ցամաքային սահմանի բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութեանց բնականոնացման ի խնդիր իր կատարած միակողմանի զիջումներով՝ Հայաստանի գործող նախագահը փաստօրէն յայտնուած է Թուրքիոյ հետ միջ-պետական այժմու անարդար սահմանները ճանչնալու միջազգային ճնշումներուն տակ։
Աննախանձելի իր այս դիրքէն Հայաստան ի վերջոյ պէ՛տք է կարենայ եւ պիտի՛ կարենայ դուրս գալ։
Պայման է, սակայն, որ Հայաստանի նախագահական իշխանութիւնը իր մէջ գտնէ քաղաքական կամքը՝ համայն հայութեան ազգային պահանջատիրութիւնը, հայ ժողովուրդի քաղաքական եւ հողային իրաւունքներուն վերականգնման միասնական օրակարգով, բարձրացնելու պետական ռազմավարութեան մակարդակին։
Այս առումով՝ ՀՀ գլխաւոր դատախազին Յուլիս 5ի ելոյթը խորքին մէջ խոստովանութիւնն է Հայաստանը ղեկավարող «պետական տրամաբանութեան» շարունակուող խարխափումներուն։ Կը բաւէ Աղուան Յովսէփեանի ելոյթը ուշադիր քննել մինչեւ վերջ, անդրադառնալու համար, որ ՀՀ գլխաւոր դատախազի կարծիքով՝ «թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, թէ՛ հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորումը պէտք է ունենան անթերի միջազգային-իրաւական ապահովում եւ որ այդ բարդ խնդիրը կոչուած ենք իրագործելու մենք՝ հայ իրաւաբաններս»:
Աւելի՛ն. Աղուան Յովսէփեան համոզուած է, որ «ահա՛ մէկ դար է, ինչ հայ-թուրքական յարաբերութիւնները դոփում են տեղում: Եւ չնայած բազմաթիւ պետութիւններ պաշտօնապէս ճանաչել եւ դատապարտել են Հայոց Ցեղասպանությունը, մենք ոչ մի շօշափելի արդիւնքի չենք հասել: Համոզուած եմ, որ նոյն իրավիճակում կը յայտնուենք նաեւ մէկ հարիւրամեակ յետոյ: Եւ նման իրավիճակի պատճառը միայն Թուրքիայի ժխտողական դիրքորոշումը եւ գեր-տէրութիւնների աշխարհաքաղաքական հակասութիւնները չեն: Իմ խորին համոզմամբ, պատճառը նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ-թուրքական յարաբերութիւնների նկատմամբ մեր դիրքորոշումն է»…
Ո՛չ։
Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, յանուն պետական մտածողութեան, շարունակ հայ մարդուն կը հրամցուի նոյն յանկերգը՝ վերամշակուած տարբերակներով։
– ՀՀ անդրանիկ նախագահը կը շեշտէր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան աղէտին համար պէտք է փնտռենք պատասխանատուութեան բաժին նաեւ մեր մէջ…
– ՀՀ երկրորդ նախագահը, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ դատապարտումը ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան առաջնային օրակարգ հռչակելով հանդերձ, թրքական մամուլին կը փորձէր վստահեցնել, թէ այդ քայլով Հայաստանի պետութիւնը հողային պահանջ չէր ներկայացներ այսօրուան Թուրքիոյ…
– ՀՀ երրորդ եւ այժմու նախագահը, հայոց հողային պահանջատիրութեան հարցը շրջանցելով ու «Հայեւթուրք Արձանագրութեանց» ջատագով ներկայանալով հանդերձ, չէր վարաներ Սեւրի Դաշնագրին յղում կատարելու միջազգային բարձրագոյն ատեանէն…
Հետեւաբար, ՀՀ գլխաւոր դատախազին ելոյթը իրաւունք չունինք մէկ ու միակ ուղղութեամբ կարդալու եւ գովազդելու։
Ի վերջոյ Աղուան Յովսէփեան, մեր հողերուն պահանջատէր ներկայանալով հանդեձ, կարեւորութեամբ կ՛ընդգծէ, որ «Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը Հայկական Հարցի լուծման եւ, ընդհանրապէս, հայ-թուրքական յարաբերութիւնների համապարփակ կարգաւորման սոսկ մէկ բաղադրիչն է – խիստ կար—որ, բայց ընդամէնը մէկ բաղադրիչը: Իսկ Հայկական Հարցի լուծումը եւ հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորումը, որն ունի զուտ իրաւական բնոյթ, պէտք է լուծուի իրաւական հարթութիւնում, միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքների հիման վրայ: Դա նշանակում է, որ համապատասխան միջազգային-իրաւական փորձաքննութիւնների պէտք է ենթարկուեն հայ ժողովրդին, նրա տարածքներին առնչուող բոլոր միջազգային պայմանագրերը՝ Բեռլինի Կոնգրեսից սկսած մինչեւ վերջին հայ-թուրքական չվաւերացուած պայմանագիրը: Հակառակ դէպքում մենք կ՛ունենանք այն, ինչ ունենք»…
Ահա՛ էութիւնը պետական մտածողութեան այն յանկերգին, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին կը հնչէ պաշտօնական Երեւանէն։
Հողային պահանջ պաշտօնապէս Թուրքիոյ ներկայացնէ կամ ոչ, Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը ոչ-պետական մտածողութիւն հռչակէ թէ Սեւրի Դաշնագրին իբրեւ միջազգային պարտամուրհակի տէր կանգնի, Հայաստանի պետական ղեկավարութիւնը տակաւին կը շարունակէ խարխափումի մէջ մնալ։ Միայն հայ քաղաքական մտքի հետեւողական ճնշումներուն ենթարկուելով է, որ պաշտօնական Երեւանը պիտի կարենայ հաստատակամ տէր կանգնիլ Հայ Դատի իրաւատիրութեան։
ՀՀ գլխաւոր դատախազին հողային պահանջատիրութիւնը ողջունելով՝ միաժամանակ իրատեսութիւնը պէտք է ունենալ հարց տալու, թէ՝
Կ՛ունենա՞նք, ի վերջոյ պիտի ունենա՞նք Հայ Դատի՝ քաղաքական եւ հողային պահանջատիրութեան ազգային-պետական միասնական ռազմավարութիւն։