
Թեհրանի հայ կաթողիկէ համայնքը ունեցաւ մնայուն նոր հոգեւոր հովիւ: Հինգշաբթի, Յուլիս 18ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Թեհրանի հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ՝ Իրանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Նշան արք. Գարաքեհէեանի ձեռամբ՝ Հայաստանէն եւ Ջաւախքէն ժամանած Պետրոս եւ Անտոն վարդապետներու ընկերակցութեամբ: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Թեհրանի հայոց եկեղեցիներու երգեցիկ խումբերէն կազմուած խումբին կողմէ:
«Ողջոյն»էն առաջ, համապատասխան աղօթքներով, աստուածաշնչական ընթերցումներով ու շարականներով Նշան արք. Գարաքեհէեանի ձեռամբ, կատարուեցաւ Սիմոն սարկաւագի վարդապետական ձեռնադրութեան ու օծման կարգը, որմէ ետք ձեռնադրեալը երեք անգամ իր օրհնութիւնը շնորհեց ներկայ ժողովուրդին:
Այնուհետեւ Նշան արք. Գարաքեհէեան իր քարոզին մէջ նորաօծ վարդապետին շնորհաւորեց Քրիստոսի ծանր, բայց քաղցր լուծը իր ուսերուն առնելու առիթով՝ անոր յորդորելով նուիրումով ու զոհողութեամբ սպասարկել Թեհրանի հայ կաթողիկէ համայնքին:
Պատարագի ընթացքին ներկաները Ս. հաղորդութիւն ստացան նորաօծ վարդապետի ձեռամբ:
Յաւարտ Ս. պատարագի՝ ձեռնադրեալ Սիմոն վարդապետ շնորհակալական խօսք ուղղեց Նշան արք. Գարաքեհէեանին եւ հայ կաթողիկէ համայնքի պատասխանատուներուն՝ իրեն հանդէպ ունեցած հոգատար վերաբերումին համար եւ ուրախութիւն յայտնեց Թեհրանի հայ կաթողիկէ համայնքին իր ծառայութիւնները մատուցելուն համար:
Աւարտին ներկաները մօտենալով նորաօծ վարդապետին՝ շնորհաւորեցին զայն:
Ձեռնադրութեան արարողութեան ներկայ էին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդի օգնական Մակար վրդ. Աշգարեանը, Իրանի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ վեր. Սերգէյ Շահվերդեանը եւ վեր. Միշէլ Աղամալեանը, Հռոմէական ու Ասորական կաթողիկէ եկեղեցիներու առաջնորդները, Իրան գտնուող օտարազգի քրիստոնեայ հոգեւորականներ, ձեռնադրեալ վարդապետի հարազատները եւ մեծ թիւով հայորդիներ:
Նորընծայ վարդապետը իր անդրանիկ պատարագը մատուցեց Ուրբաթ, Յուլիսի 19ի առաւօտեան:
Սիմոն վարդապետ, աւազանի անունով՝ Պեռնար, ծնած է 1975ին, Արժանթին: Համալսարանական կրթութիւնը, որպէս իրաւաբան, աւարտելէ ետք իր հոգեւոր ուսումը ստացած է Հռոմի հայ կաթողիկէ Լեւոնեան վարժարանը, ժամանակ մը Հայաստանի մէջ պաշտօնավարելէ ետք անցեալ Յունուարին Թեհրանի մէջ ձեռնադրուեցաւ սարկաւագ: