ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը վերջերս յայտնուած է աջէն ու ձախէն թափ առնող վարկաբեկման գրոհի տակ։
Կարեւոր է, անշուշտ, թէ ի՞նչ մեղադրանքներ կ՛ուղղուին կամ վարկաբեկիչ ի՞նչ վերագրումներ կը կատարուին Գարեգին Բ. վեհափառի հասցէին։ Նաեւ՝ որքանո՞վ անհիմն կամ հիմնաւոր են համացանցի մեր դարուն բոլորին հասանելի ու տեսանելի այդ բոլոր մերկացումները։
Բայց նոյնքան եւ աւելի կարեւորը այն ցաւոտ իրականութիւնն է, որ կ՛ապրինք հեղինակութեանց անկումի ժամանակաշրջան մը, ուր հանրային կարծիքի ընթացիկ քաշքշուկներէ զերծ կամ վեր չի պահուիր ոեւէ հեղինակութիւն, մինչեւ իսկ ամենայն հայոց հոգեւոր ղեկավարութեան կոչուած Ս. Էջմիածնի գահակալը։
Համացանցը մեղաւոր չէ, անկասկա՛ծ։
Համացանցը պարզապէս հնարաւորութիւնը ընձեռած է բոլորիս, որպէսզի կարենանք մեր մտքերն ու զգացումները, մեզ յուզող հարցերն ու դժուարութիւնները, մեր ապրած ուրախութիւններն ու յուսախաբութիւնները, յաջողութիւններն ու դժգոհութիւնները անկաշկանդ կիսուիլ արար-աշխարհին հետ։
Մեղքի բաժին չունի նաեւ հանրային դատաստանի աւանդոյթին այս աստիճան հրապարակային, անմիջական եւ ազդու դառնալու իրողութիւնը։
Ի վերջոյ մեր ժողովուրդը, առաջին իսկ օրէն, ազգայնացուցած է քրիստոնէութիւնը եւ – բառին լիարժէք իմաստով – ազգային գերագոյն հեղինակութեան վերածած է իր Եկեղեցին, որուն ազգընտիր կաթողիկոսները իրենց հեղինակութիւնն ու հոգեւոր ղեկավարումի ուժը ստացած են, ամէն բանէ առաջ եւ վեր, նոյնինքն ժողովուրդին հաւատքէն ու վստահութենէն։
Այդ հիման վրայ աւելի քան բնական է, այլեւ կենսունակութեան նշան է ազգընտիր իր հայրապետին նկատմամբ մեր ժողովուրդին ցուցաբերած ինչպէս նախանձախնդրութիւնը՝ վեհափառը իր կոչումին բարձրութեան վրայ պահելու եւ պահպանելու, նոյնպէս եւ խստապահանջութիւնը՝ իր կաթողիկոսին մարդկային տկարութիւնները յաղթահարուած տեսնելու։ Այդպէս եղած է մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալին։ Այդպէս ըլլալու ամէն եւ յաւելեալ պատճառ կայ նաեւ մեր օրերուն, երբ աշխարհով մէկ, այդ կարգին նաեւ հայ իրականութեան մէջ հեղինակութիւններու անկում տեղի կ՛ունենայ՝ հոգեւորական թէ հանրային, պետական թէ քաղաքական բոլոր բնագաւառներու մէջ։
Ամենայն հայոց Ներսէս Աշտարակեցի հայրապետի եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Օրմանեան սրբազանի հեղինակութեամբ հայ եկեղեցւոյ մեծավաստակ առաջնորդներն անգամ, ինչպէս որ անոնցմէ առաջ թէ ետք գործած սրբամիւռոն այլ արժանաւոր կղերականներ պատմութեան յանձնած են հայոց հանրային դատաստանին առջեւ ճակատաբաց կանգնելու, հաշիւ տալու եւ արդարացման արժանանալու ուսանելի օրինակներ։
Հայոց հաւատքին ու հայ եկեղեցւոյ հիմերը անսասան դարձած են ճիշդ այդ աւանդոյթի արմատաւորումով։ Հայոց հոգեւոր ղեկավարները որքան ականջալուր եղած են սեփական ժողովուրդի ձայնին եւ որքան տէր կանգնած են հանուր հայութեան օրհնանքին արժանանալու իրենց կոչումին, այնքան բարձրացած է անոնց բարոյական հեղինակութիւնը եւ այնքան վճռորոշ դարձած է անոնց ղեկավար դերակատարութիւնը մեր ժողովուրդի ինչպէս հոգեւոր, նոյնպէս եւ ազգային կեանքի հունաւորման մէջ։
Ահա այդ աւանդոյթէն արձանագրուած մերօրեայ նահանջն է, որ միախառնուելով մեր ժողովուրդի այսօրուան երթն ու վաղուան անհեռանկար հորիզոնը մթագնող հեղինակութեանց անկումի տագնապին՝ ցաւով ու անձկութեամբ կը լեցնէ բոլորս, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։
Փաստօրէն հայ մարդը սկսած է կորսնցնելու հաւատքն ու վստահութիւնը սեփական ճակատագիրը առաջնորդող հոգեւոր թէ աշխարհական, պետական թէ կուսակցական ղեկավարութեանց վրայ բարոյական հակակշիռ ունենալու իր իրաւունքին եւ կարողութեան հանդէպ։
Հասկնալի է, որ դժուար է նոյնիսկ Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետին համար, հաւատքի իր ծառայութիւնը իրականացնելու ընթացքին, զերծ մնալ հայոց վերանկախացեալ պետականութիւնը վարակած ընդհանուր խաթարուածութենէն։
Երբ արդէն երիտասարդ՝ 22ամեայ մեր պետականութեան ղեկը ստանձնած ղեկավարները կռնակ դարձուցած են սեփական ժողովուրդի կարիքներուն ու պահանջներուն, դառնութիւններուն եւ դժգոհութիւններուն,
Երբ Հայոց Պետական Տունը ներքին համերաշխութեամբ հզօրացնելու եւ իրաւահաւասար զարգացման հուն մտցնելու իրենց ղեկավարի կոչումը անտեսելով՝ միայն իշխանութեան կարկանդակէն առաւելագոյն բաժին վերցնելու մտասեւեռումը կ՛առաջնորդէ պետական ու կուսակցական մեր այրերը,
Բնականաբար Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը եւս, իր կարգին, ենթակայ կը դառնայ պետութեան ընդհանուր հոսանքին հետ քայլ պահելու փորձութեանց։
Ի վերջոյ եօթանասունամեայ խորհրդային ամբողջատիրութիւնը իր աւերը գործեց՝ նաեւ ու մանաւա՛նդ հայոց եկեղեցին իր ազգային ու հոգեւոր ծառայութենէն անդին մղելու, պետական սպասարկութեանց խաղականոններուն ենթարկելու առումով։
Նոյնպէս մտահան կարելի չէ ընել այն դառն իրողութիւնը, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը տակաւին ճամբու սկզբնաւորութեան կը գտնուի՝ հայոց հաւատքին արժանաւոր առաջնորդներ պատրաստելու եւ հայ եկեղեցին ազգընտիր, ժողովրդավարական հիմերու վրայ վերականգնելու ուղղութիւններով։
Հետեւաբար մեր ժողովուրդը արդարօրէն կը սպասէ, նաեւ տակաւին կը հաւատայ ու կը յուսայ, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը սոսկ իշխանութիւն չտեսնէ իրեն վստահուած կաթողիկոսական առաքելութեան մէջ։
Ինչպէս ըսած են՝ իշխանութիւնը կը փճացնէ։
Յատկապէս հայ ժողովուրդի պարագային, որ օտար բռնակալներու կամակորութեան տակ երկար դարեր անղեկ տարուբերուած է, իշխանութեան ուժը եւ իշխանաւորի հոգեբանութիւնը չեն կրնար ուղիղ ճանապարհը ըլլալ Ազգային Պետականութեան ու Ազգային Եկեղեցւոյ լիարժէք, այլեւ կենսունակ զարգացումին։
Իշխանաւորի կամակորութեամբ եւ ուժի իշխանութեան դիրքերէ գործողը, յատկապէս հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, չի կրնար իր կոչումին բարձրութեան վրայ մնալ։
Մանաւանդ՝ կը դադրի հեղինակութիւն ըլլալէ եւ իբրեւ այդպիսին ընկալուելէ։