Վերջին տարիներուն դէպի ծննդավայր երկիրներ կատարուած ուխտագնացութեան բնոյթով պտոյտներու շարքին է այս անգամ Եոզղատի, յատկապէս՝ Պուրունքըշլա ծանօթ գիւղաքաղաքի այցելութիւնը: Եոզղատցիները հայրենակցական միութիւն մը չունենալով, պտոյտը կը կազմակերպուի համաերկրացիներու գործակցութեամբ: Անոնք այս տարի ալ կազմակերպած են նման բնոյթի պտոյտ մը, որ կը ներառէ նաեւ Կեսարիոյ ուխտագնացութիւնը:
Եոզղատցիներու խումբը 28 Յուլիսին ճամբայ ելաւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ առջեւէն, եւ 3 Օգոստոսին պտոյտը կ՛աւարտի նոյն տեղը: Ուխտաւորները նախ ուղղուեցան Եոզղատի Սարըքայա գիւղաքաղաքը, ուր իջեւանեցին տեղւոյն պանդոկը: Յաջորդ օրերուն այցելեցին Պուրունքըշլա, Թերզիլի եւ Պողազլեան գիւղերն ու գիւղաքաղաքները, նաեւ՝ վերոյիշեալ վայրերու գերեզմանատուները, աղօթեցին հայրենի հողերուն տակ ննջող իրենց նախնեաց հոգւոց ի հանգիստ:
Պտոյտին աղօթքով իր մասնակցութիւնը բերաւ պատրիարքարանի հոգեւորական դասէն հայր Զաքէոս վրդ. Օհանեան:
«ԱԿՕՍ»