ՄԱՐԻ ԳԱՐԱԼԵԱՆ
Կրկին հաւաքուած էին Հայ տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղի տարէց քոյրեր եւ եղբայրները՝ տօնելու համար Հայրերու Օրը ազգ. «Տիգրանեան» սրահին մէջ, 2013, Յունիս 29ին:
Ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներու ունկնդրումէն ետք, միութեանս ատենապետ Սուրէն Գահուէճեան իր բացման խօսքին մէջ շնորհաւորեց Հայրերու տօնը՝ մաղթելով անոնց բարի կեցութիւն, չմոռնալով նաեւ յիշել բոլոր հայրերը՝ Սփիւռքէն մինչեւ հայրենիք:
Միութեանս կողմէ հրամցուած ճաշը օրհնուեցաւ աղօթքով:
Գեղարուեստական բաժինը ճոխացուցին վարչականները: Վարդուհի Սեմերճեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Հայր, ես կ՛երթամ այն ճամբայէն» բանաստեղծութիւնը, Լուսին Թաշճեան՝ Ներսէս Մեսրոպեանի «Հայրենիք իմ» քերթուածը, իսկ Մարի Գարալեան՝ «Պար հօրս հետ» բանաստեղծութիւններու իր շարքէն: Միութեան անդամուհի Անահիտ Աճունեան ընթերցեց Տիգրան Արտաշէսեանի «Մարդ արարչական» գրութիւնը:
Յայտագիրին երկրորդ բաժինը սկսաւ ատենապետին կատարողութեամբ հայրերուն նուիրուած երգով՝ «Հայր իմ մանկուց»: Պարային երգերը խանդավառեցին մթնոլորտը: Մարի Գարալեան հանդէս եկաւ գուսան Սեդրակի «Դու գնում ես, բարով գնա» եւ մի քանի արաբական երգերով:
Ծրագիրի ընթացքին Վազգէն Սեփեթճեանի թմբուկի կատարումը կը լեցնէր սրահը:
Մինչեւ ժամը 4 տեւող հաճելի ճաշկերոյթ-խնճոյքէն ներկաները մեկնեցան լիացած եւ գոհ՝ յայտնելով իրենց սրտաբուխ շնորհակալութիւնները:
Յ.Գ.- Հայրերու Օրուան տօնակատարութեան ընթացքին հայրերուն նուիրուեցան «Մեսրոպ Մաշտոց»ի կրծքանշաններ: