ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ իրականացուած կարգ մը պետական աջակցութիւն վայելող ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ տնտեսավարողներու ջանքերուն շնորհիւ վերջին տարիներուն նկատելի է անասուններու թիւի աճ։ Այս տեղեկութիւնը փոխանցուած է Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն. շուրջ 62 հազարով՝ գրեթէ կրկնակի աւելցած են անասուններուն թիւերը։ Աճած է կովու գլխաքանակը՝ ըլլալով 303 հազար, որ 20 հազարով աւելի է նախորդ տարիէն, 114.3 տոկոսով աճ արձանագրուած է ոչխարի գլխաքանակի ցուցանիշներուն մէջ եւ ոչխարի միսի առումով Հայաստանը լիակատար ինքնաբաւութեան հասած է: «Սրա հիմքում գիւղատնտեսական նոր քաղաքականութիւնն է, որը, պարէնային անվտանգութեան ռազմավարութիւնից ելնելով, նպաստել է ոչխարի ճարպամսատու եւ մսաբրդատու տեսակների զարգացմանը՝ Հայաստան ներկրելով ոչխարի բազմապտուղ ցեղատեսակներ», նշուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Աճած է նաեւ խոզերուն թիւը՝ հասնելով շուրջ 134 հազարի, ինչ որ շուրջ 37 հազարով կը գերազանցէ նախորդ տարուան ցուցանիշը:
Թռչնաբուծութեան զարգացման տարողութիւնը նոյնպէս աճի միտում ունի. արդէն կայ 24.5 միլիոն ձու՝ շուրջ 75.6 հազարով աւելի նախորդ տարուընէ: Սպանդի համար վաճառուած է 130.3 հազար թոն կենդանիի ծանրութեամբ անասուն եւ թռչուն, որ 2.4 հազար թոնով աւելի է նախորդ տարուան արդիւնքներէն, իսկ կաթի արտադրութեան մէջ նկատուած է ծաւալներու աճ՝ շուրջ 16.7 հազար թոն:
Ասիկա գիւղատնտեսական կենդանիներու տոհմային եւ մթերատու յատկանիշներու բարելաւման, արօտավայրերու կառավարման եւ ջրարբիացման համալիր ծրագիրներու արդիւնք է, որոնք հետեւողական կերպով կ՛ապացուցեն իրենց արդիւնաւէտութիւնը եւ կ՛ազդեն սպառողական շուկայի գիներու ընդհանուր ուղղուածութեան վրայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.