
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ինթըրնեթհապեր» լրատուական կայքը Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7ին կը տեղեկացնէ, թէ վերջին քանի մը օրերուն, Պաքուի մէջ 4 պետութիւններու մասնակցութեամբ կայացած ժողովի մը ընթացքին «Թուրանական բանակ» ռազմական կառոյցի ստեղծման առաջին քայլերը առնուած են:
Ըստ վերոնշեալ լրատուական աղբիւրին՝ «Թուրանական բանակ»ը պիտի ըլլայ ՆԱԹՕի նման կառոյց մը, որուն անդամակցելու իրենց համամտութիւնը ցարդ տուած են Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Ղրղզստանը եւ Մոնկոլիան: Կը Նշուի, որ այդ բանակի հիմնադրման նպատակն է կանխարգիլել որեւէ թշնամական յարձակում վերոնշեալ չորս պետութիւններուն վրայ: Միաժամանակ, նորաստեղծ բանակը կեանքի կոչուած է իսլամ երկիրներու բնակչութեան ապահովութիւնը պահպանելու համար:
«Թուրանական բանակ» ծրագիրը կ՛ընդգրկէ նաեւ ռազմարդիւնաբերական մարզէն ներս համագործակցութիւն, ուր կը նախատեսուի տարբեր տեսակի զէնքերու, հակահրթիռային պաշտպանութեան ծրագիրներու, հեռահար հրթիռներու, ռազմական օդանաւերու, ռազմանաւերու, ուղղաթիռներու եւ անօդաչու ռազմական թռչող սարքերու արտադրութիւն:
«Թուրանական բանակ» կառոյցի առաջին նախագահութիւնը յանձնուած է անդամ երկիրներէն ամենահզօր բանակը ունեցող Թուրքիոյ: Թուրքիա այս կառոյցը պիտի ղեկավարէ մինչեւ 2014ի աւարտը: «Թուրանական բանակ»ի զինուորներու ընդհանուր թիւը պիտի ըլլայ 2.8 միլիոն: Բանակի գլխաւոր շտաբի կեդրոնը պիտի հաստատուի Անգարայի մէջ, իսկ զինուորական այս կառոյցին խորհրդանիշը պիտի ըլլայ սեւ ձիու պատկերը:
Ըստ թրքական «Ինթըրնեթաժանս» լրատուական կայքին՝ ռազմական այս կառոյցին ստեղծումը լուրջ արձագանգ ստացած է շարք մը երկիրներու մէջ: Նոյն աղբիւրը կը հաստատէ նաեւ, որ աշխարհի մէջ կան 7 թրքական հանրապետութիւններ եւ 50է աւելի թրքացեղ փոքր պետութիւններ ու նահանգներ, որոնց բոլորին միացումով կրնայ ստեղծուիլ աշխարհի ամէնէն հզօր բանակը: