Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Շնչառական համակարգը կազմուած է վերին եւ վարին շնչառական համակարգներէ:
Վերին շնչառական համակարգը կազմուած է հետեւեալ ենթաբաժիններէն.
Քիթ, քթաըմբան (nasopharynx), ըմբան (pharynx), ենթա-ըմբան (hypopharynx ), խռչափող (larynx) եւ բերան:
Վարի շնչառական համակարգը կազմուած է հետեւեալ ենթաբաժիններէն.
Շնչափող (trachea), աջ եւ ձախ ցնցուղներ (bronchi), ցնցղիկներ (bronchioles) եւ թոքախորշիկներ (alveoli):
Մանուկներու եւ չափահասներու վերին շնչառական համակարգը կազմախօսականօրէն (anatomically) նոյնը չէ:
Մանուկը ունի նեղ քթային խոռոչներ, աւելի մեծ լեզու եւ մանկական նեղ ու բարձր խռչափող:
Հակառակ այս կազմախօսական տարբերութիւններուն, բոլոր տարիքի մարդոց շնչառութիւնը բնախօսականօրէն (physiologically) նոյնն է եւ կազմուած է երկու գործողութիւններէ՝ ներշնչում, որ գործօն (active) միջոցառում մըն է եւ արտաշնչում, որ կրաւորական (passive) է:
Ներշնչումն ու արտաշնչումը կրնան ըլլալ քթային կամ բերանային: Այսինքն՝ կրնանք ներշնչել եւ արտաշնչել մեր բերանէն կամ քիթէն:
Քթային ներշնչումը կը սկսի քիթէն: Արտաքին աշխարհի օդը, քիթի աղուամազերով տաքնալէ, խոնաւնալէ եւ մասամբ մը մաքրուելէ ետք, կ՛անցնի քթաըմբանէն, ըմբանէն, ենթա-ըմբանէն, խռչափողէն, շնչափողէն, թոքերու ցնցուղներէն եւ ցնցղիկներէն եւ կը հասնի թոքախորշիկներ:
Բերանային ներշնչումը կը սկսի բերանէն: Արտաքին աշխարհի օդը նոյն ընթացքով կը հասնի թոքախորշիկներ:
Արտաշնչումով թոքախորշիկներու մէջ գտնուած օդը կ՛ուղղուի հակառակ ուղղութեամբ եւ վերջապէս կ՛արտաքսուի բերանէն կամ քիթէն:
Մանուկի մը վերին շնչառական համակարգի հիւանդութիւններուն հիմնական ախտանշաններէն են՝
Ա. Շնչահեղձութիւն (dyspnea)
Բ. Արտաթոքային շնչասլոց (stridor)
Գ. Կապտութիւն (cyanosis)
Վերին շնչառական համակարգի հիւանդութիւնները, որոնք շնչահեղձութիւն կրնան յառաջացնել հետեւեալներն են.
Ա. Քթային եւ քթաըմբանային հիւանդութիւններ, որոնք մասնակի կամ ամբողջական քիթի եւ կամ քթաըմբանի խցում կը յառաջացնեն.
1. Խորշապատի ոսկրային եւ կամ աճառային բաժիններու ծուռութիւն (septal deviation),
2. Խորշապատի միակողմանի կամ երկկողմանի թարախակոյտ,
3. Քիթի խորշերու յետսամասի ընդոծին ոսկրային կամ մաշկային խցում (choanal atresia), որ կրնայ ըլլալ միակողմանի կամ երկկողմանի,
4. Գեղձուռուցքներ (adenoids), որոնք լաւորակ ուռեր են եւ կ՛աճին քթաըմբանին մէջ,
5. Քթաբորբ (rhinitis), ուր քիթի ամբողջ խլնաթաղանթը կ՛ուռի եւ կը հաստնայ գերզգայնութեամբ կամ ցպկային ու ժահրային բորբոքումով,
6. Քիթի փոլիփներ (polyps), որոնք կ՛աճին քիթի խլնաթաղանթէն գերզգայնութեան պատճառով.
7. Քիթի եւ քթաըմբանի լաւորակ եւ խլիրդային ուռեր,
8. Քթաըմբանի անօթաթելային ուռ (angeofibroma),
9. Քիթի խորշերուն մէջ օտար մարմինններու (foreign bodies) գոյութիւն,
10. Քիթի ընդոծին թերաճութիւն (congenital underdevelopment),
11. Հարբուխ եւ «կռիփ», ուր քիթի ամբողջ խլնաթաղանթը կ՛ուռի եւ կը հաստնայ:
Բ. Ըմբանային Հիւանդութիւններ.
1. Խոշոր-համբուրող նշիկներ (kissing tonsils), որոնք կրնան ըլլալ ընդոծին կամ նշիկներու յաճախակի բորբոքումներու հետեւանքով,
2. Լաւորակ եւ խլիրդային ուռեր,
3. Յետսաըմբանային թարախակոյտ (retropharyngeal abscess),
4. Նշիկաշուրջի թարախակոյտ (peritonsillar abscess):
Գ. Խռչափողային հիւանդութիւններ, որոնք մասնակի խցում կը յառաջացնեն.
ա. Ներխռչափողային պատճառներ՝
1. Խռչափողային ընդոծին թաղանթ (congenital laryngeal web), որ իրական ձայնալարերը իրարու կը միացնէ մասնակիօրէն.
2. Խռչափողի ընդոծին աճառային թուլութիւն (laryngomalacia), ուր խռչափողի պատերը կը կծկուին դէպի ներս.
3. Ընդոծին թերաճ խռչափող,
5. Ընդոծին ենթաձայնալարային (subglottic) նեղացում,
6. Պրկուածային հազամղձուկ (spastic croup), կը պատահի ձայնալարերու անակնկալ պրկուածութեամբ.
7. Հազամղձուկ (croup), որ խռչափողի ցպկային սուր բորբոքում մըն է եւ ամէնէն յաճախակի պատճառն է մանկական արտաթոքային շնչասլոցին.
8. Ցպկային եւ ժահրային սուր խռչափողատապ, որ կը յատկանշուի խռչափողի խլնաթաղանթի եւ ձայնալարերու ուռուածութեամբ եւ ջրակուտակումով (edema).
9. Հարբուխ եւ «կռիփ».
10. Ձայնալարերու փոլիփային խմբաւորում (papilloma), որ հետեւանքն է ժահրային խռչափողատապի:
11. Խռչափողային կեղծմաշկ (diphtheria). մանկական ցպկային հիւանդութիւն մըն է, որ կը հարուածէ խռչափողը եւ կը յառաջացնէ խռչափողի ներքին մակերեսի եւ ձայնալարերու սուր բորբոքում ինչպէս նաեւ խռչափողային մասնակի խցում.
12. Խռչափողային գերզգայնութիւն (allergic rhinitis),
13. Ենթաձայնալարային պարկ եւ վերնաձայնալարային (supraglottic) տոպրակ (cyst),
14. Ենթաձայնալարային նեղացում, որ կրնայ ընդոծին ըլլալ կամ ներփողարկումի հետեւանքով ստեղծուիլ.
15. Վիզի անմիջական հարուած, որ խռչափողի կազմուածքը կը խանգարէ.
16. Քիմիական եւ թունաւոր կազերու ներշնչում, որ կը յառաջացնէ խռչափողի խլնաթաղանթի ուռեցք եւ ջրակուտակում.
17. Երականեարդային ջրակուտակում (angeoneurotic edema), որ կը զարգանայ մեղուի խայթուածքի, պիստակեղէններու, կարգ մը հակամանրէական դեղերու գերզգայնութեամբ.
18. Վատորակ ուռեր. այս ուռերէն յատկանշական են՝ անօթային ուռը (hemangeoma), աւշա-անօթային ուռը (lymphangeoma).
19. Մակ-կոկորդի բորբոքում (epiglottitis). Մակ-կոկորդը կը գտնուի խռչափողին սկզբնաւորութեան: Անիկա կը ծաւալի եւ կ՛ուռի ցպկային կամ ժահրային բորբոքումով եւ գերզգայնութեամբ: Ծաւալած մակ-կոկորդը կը խցէ խռչափողը մասնակիօրէն կամ ամբողջովին.
20. Խռչափողային օտար մարմիններ:
բ. Արտախռչափողային հիւանդութիւններ, որոնք կը ճնշեն խռչափողին վրայ եւ կը յառաջացնեն խռչափողի մասնակի խցում.
1. Վիզի լաւորակ եւ վատորակ ուռեր-խլիրդ,
2. Վահանագեղձի (thyroid gland) ծաւալում եւ լաւորակ կամ վատորակ ուռեր:
գ. Այլ պատճառներ.
1. Խռչափողի ներփողարկումի (intubation) արկած-վնաս, ուր ձայնալարերու ջիղերը կը վնասուին եւ տեղի կ՛ունենայ ձայնալարերու անդամալուծութիւն.
2. Երկար տեւողութեամբ ներփողարկում, որ կը յառաջացնէ ենթաձայնալարային նեղացում-խցում.
3. Ծնօտներու հարուածային վնաս եւ կոտրուածք, ուր լեզուն կ՛ուղղուի ետեւ եւ կը խցէ ըմբանը:
Վերը յիշուած շնչահեղձութիւն յառաջացնող ներխռչափողային եւ արտախռչափողային պատճառները կը յառաջացնեն նաեւ արտաթոքային շնչասլոց:
Արտաթոքային շնչասլոցը կը յառաջանայ ներշնչումի եւ արտաշնչումի ընթացքին, բայց առաւելաբար՝ ներշնչումի ընթացքին: Անոր հիմնական ախտապատճառը խռչափողի նեղացումն է, որ տեղի կ՛ունենայ երկու ձայնալարերու միջբացուածքի (glottis) մակարդակով եւ ենթաձայնալարային կամ վերնաձայնալարային մակարդակով:
Ձայնալարերու միջբացուածքի խցումով յառաջացած արտաթոքային շնչասլոցը կ՛ունենայ բարձր ձայնաստիճան (pitch):
Վերնաձայնալարային խցումի շնչասլոցը կ՛ունենայ աւելի տկար ձայնաստիճան:
Խռչափողային պզտիկ խցումներ կը յառաջացնեն մեղմ արտաթոքային շնչասլոց, որ կը նշմարուի բժիշկին կողմէ, երբ ան իր ընկալուչով կը քննէ հիւանդին վիզը: Իսկ խռչափողային մեծ խցումներ կը յառաջացնեն բարձրաձայն արտաթոքային շնչասլոց, որ կը նշմարուի առանց ընկալուչի թէ՛ հիւանդին եւ թէ բժիշկին կողմէ:
Կապտութիւն կը յառաջանայ վերին շնչառական համակարգի բոլոր հիւանդութիւններէն, որոնք կը յատկանշուին մասնակի խցումով:
Ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս, մանուկներու եւ չափահասներու վերին շնչառական համակարգը կազմախօսականօրէն նոյնը չէ: Այս պատճառով մանուկը կրնայ ունենալ կարգ մը դժուարութիւններ, անբնական առողջական վիճակներ եւ բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են.
1. Ներփողարկումի դժուարութիւն,
2. Յաճախակի շնչահեղձութիւն,
3. Բերանային շնչառութիւն եւ բերնի չորութիւն,
4. Սնանուելու ընթացքին շնչահեղձութիւն: Այս մէկը կը պատահի անակնկալ կաթի ներմուծումով (aspiration) խռչափողէն ներս, որ հետեւանքն է քթային շնչառութեան եւ կլլելու գործողութեան անհամակարգութեան (coordination).
5. Ընդհանուր զգայազրկումի դժուար կիրարկում: