ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի ոստիկանութիւնը Երեքշաբթի, Օգոստոս 13ի յետմիջօրէին տեղեկացուց, թէ նոյն օրը կարելի եղած է ձերբակալել 7 կասկածելիներ, իսկ երեք ուրիշներ ալ կը շարունակուին հետապնդուիլ, ուրիշներու ինքնութեան տուեալները գողնալու եւ անոնց «քրետիթ քարտ»երով գնումներ կատարելու յանցանքով:
Ոստիկանութիւնը հրապարակած է ձերբակալուած կասկածելիներէն վեցին՝ Էդգար Ալաւերդեանի, Կարէն Նազարեանի, Սերոբ Եգոյեանի, Էդուարդ Մարտիրոսեանի, Լեւոն Մկրտչեանի եւ Էմիլ Մորքըսի, լուսանկարները:
Կլենտէյլի ոստիկանութեան համաձայն՝ անոնք գողցած են հարիւր հազարաւոր տոլարներ:
Օգոստոս 13ին, ոստիկանները խուզարկումներ կատարած են Կլենտէյլի, Սան Ֆերնանտօ հովիտի, Լոս Անճելըսի եւ վեց այլ շրջաններու մէջ՝ յայտնաբերելով ձերբակալուածներուն մեղադրութիւնը հաստատող փաստեր, ինչպէս նաեւ՝ զէնքեր եւ քարիւղի երկու բեռնատար, ուր գողցուած քարիւղ կը պահուէր: Ոստիկանութիւնը գրաւած է նաեւ 60 հազար տոլար կանխիկ գումար մը:
Տակաւին կը հետապնդուին Հրաչ Կէյօն, Վաչիկ Բաբայեանը եւ Դաւիթ Եզգաթեանը: Ոստիկանութիւնը խուզարկումներու ընթացքին ձերբակալած է Բաբայեանի կինը՝ Կարինէ Բաբայեանը, երբ անոր դրամապանակին մէջ կեղծ «քրետիթ քարտ»եր յայտնաբերած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.