
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետ Լի Պաքայի հրաւէրով, Երեքշաբթի, Օգոստոս 6ին, ոստիկանութեան գլխաւոր կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ կրօնականներու վարիչ մարմինի երկրորդ հանդիպումը։ Յանուն առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Ռաֆֆի սրկ. Կարապետեան մասնակցեցաւ ժողովին։
Հանդիպումը սկսաւ աղօթքով։ Ոստիկանապետի օգնական Սեսիլ Ռամպօ ողջունեց Լոս Անճելըսի շրջանի տարբեր յարանուանութեանց, եկեղեցիներու եւ կրօններու ներկայացուցիչները։ Զեկուցումներ տրուեցան յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։ Հանդիպումը վերջ գտաւ Պաքայի յորդորական խօսքով։