ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Մոնթեպելլոյի առեւտուրի գրասենեակի «Սփաթլայթ ան Մոնթեպելլօ» ամսաթերթի Օգոստոսի թիւին մէջ յօդուած մը լոյս տեսած է Մեսրոպեան վարժարանի գործունէութեան մասին. հոն կը նշուի, թէ վարժարանի շրջանաւարտներու շարքին են Հարաւային Քալիֆորնիոյ գլխաւոր հիւանդանոցներէն մէկուն՝ մարդամեքենաներու միջոցաւ գործողութեանց բաժանմունքի վարիչը, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ մը, քաղցկեղի եւ արիւնագիտութեան մասնագէտ մը, որ շարք մը մրցանակներ շահած է, ինչպէս նաեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ գլխաւոր կրթաշրջաններէն մէկուն վերահսկիչը եւ միջազգային ճանաչում վայելող անասնագէտ մը: Նաեւ, վարժարանով հպարտ բազմաթիւ այլ շրջանաւարտներ իրենց դրոշմը ձգած են իրաւական, կրթական, գործարարական ու բժշկական մարզերուն մէջ:
Թերթը կը նշէ, թէ մինչ աշակերտութեան մեծ մասը ամառնային արձակուրդի մէջ է, բազմաթիւ ուրիշներ կը շարունակեն եռուն պահել վարժարանը՝ մասնակցելով զանազան դասանիւթերու ուսուցման եւ արուեստի նուիրուած ամառնային նախաձեռնութեանց, ինչպէս նաեւ՝ ճամբարներու, որոնք պատրաստուած են 2էն 6 տարեկան երեխաներու համար:
Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ 1965ին հիմնուած Մեսրոպեան երկրորդական վարժարանը վարկաւորուած է Վարժարաններու եւ համալսարաններու արեւմտեան միութեան (WASC) կողմէ ու անոր աշակերտ-ուսուցիչներու համեմատութիւնը փոքր է, ինչին շնորհիւ՝ աշակերտները յաւելեալ ուշադրութեան կ՛արժանանան: Նաեւ, զանազան կազմակերպութիւններու ցուցաբերած օժանդակութեանց շնորհիւ, կարելի կ՛ըլլայ կրթանպաստներ յատկացնել կարիքաւոր աշակերտներու:
Վարժարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը արդէն իսկ նախապատրաստական աշխատանքներու մէջ են՝ լաւապէս դիմաւորելու 2013-2014ի աշակերտները, երաշաւորելու համար անոնց ֆիզիքական, ընկերային, մտային ու հոգեկան զարգացումը:
Վարժարանը իր աշխատանքները կեդրոնացուցած է յատկապէս հետեւեալ կէտերուն վրայ.
– Արդիականացնել ճարտարագիտական ու համացանցային կարելիութիւնները, միաժամանակ երաշխաւորել, որ իւրաքանչիւր դասարան ունենայ դասաւանդման համար օգտագործուելիք արդիական պաստառներ:
– Աշակերտներուն ճանաչողական ձիրքերը զարգացնելու նպաստող համակարգչային ծրագիրներու օգտագործում.
– Վարժարանի կառոյցներու բարելաւում, ինչպէս նաեւ արձանագրող գործիքներու զետեղում՝ ապահովական նկատառումներով.
– Դասանիւթերու բարելաւում եւ հարստացում.
– Երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն՝ համալսարանական որոշ դասաւանդութեանց հետեւելու կարելիութեան ընծայում.
– Ծնողներու յատուկ դաստիարակչական հերթական աշխատանիստերու կազմակերպում:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել վարժարան՝ (323) 723-3181 թիւով կամ
armenianmesrobianschool@yahoo.com հասցէով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.